ՀԱՅԱՍՏԱՆԷՆ ԿՌՓԱՄԱՐՏԻԿՆԵՐ ԵՐԵՔ ՄԵՏԱՅԼ ՆՈՒԱՃԵՑԻՆ ՔԱՂԱՔԻՍ ՄԷՋ

Շաբաթավերջին քաղաքիս մէջ տեղի ունեցած «Ահմէտ Ճէօմերթ» կռփամարտի միջազգային մրցաշարքը, որ այս տարի 32-րդ անգամ կազմակերպուեցաւ։ Աթագիւղի համանուն մարզահամալիրին մէջ կազմակերպուած մրցաշարքին մասնակցեցաւ 27 երկրէ 350 մարզիկ։ Քառօրեայ մրցաշարքի բացման ելոյթներով հանդէս եկան՝ Իսթանպուլի կուսակալ Վասիփ Շահին, Թուրքիոյ Կռփամարտի դաշնակցութեան նախագահ Էյիւպ Կէօզկէչ եւ Ահմէտ Ճէօմերթի որդին՝ Աթիլլա Ճէօմերթ։

Այս մրցաշարքին մասնակցեցան նաեւ Հայաստանէն մարզիկներ. Արթուր Յովհաննիսեան (52 քկ.), Ժորա Մարգարեան (56 քկ.), Յովհաննէս Պաչքով (64 քկ.), Արման Բախչինեան (75 քկ.) եւ Նարեկ Մանասեան (91 քկ.)։ Մարզիկ Ռուդիկ Մկրտչեանի հսկողութեան ներքեւ Հայաստանի ներկայացուցիչները արձանագրեցին կարեւոր յաջողութիւն։ Այսպէս, Արթուր Յովհաննիսեան եւ Նարեկ Մանասեան նուաճեցին ոսկէ մետայլներ։ Յովհաննէս Պաչքովն ալ պրոնզէ մետայլի տիրացաւ։

Իսթանպուլ ժամանած խումբին գլուխը կը գտնուէր Հայաստանի Կռփամարտի դաշնակցութեան նախարար Արթուր Գէորգեան։ Այս վերջինը յուշանուէր մը ստացաւ Էյիւպ Կէօզկէչի կողմէ։

Հայաստանի մարզական խումբը Իսթանպուլի մէջ կեցութեան ընթացքին հիւրասիրուեցաւ մեր մարզասէր ազգայիններէն Նազար Հանչէրի կողմէ, որ ջանաց հասնիլ անոնց բոլոր կարիքներուն։

Մրցաշարքի առաջինը եղաւ Թուրքիա, որուն յաջորդեցին Հնդկաստան եւ Անգլիա։ 

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 17, 2018