ՅԱՐՈՒԹ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆԻ ԱՆՀԱՏԱԿԱՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ

Նկարիչ Յարութ Յովսէփեան իր առաջին անհատական ցուցահանդէսին մէջ ներկայացուցած է բազմաոճ գործեր։ Այսպէս, երիտասարդ նկարիչ ՅովՅարի (Յարութ Յովսէփեան) «Դու...» խորագրով ցուցահանդէսին ընթացքին ներկայացուած ստեղծագործութիւնները աչքի կը զարնեն առեղծուածայնութեամբ եւ կ՚արտայայտեն նկարիչի ցանկութիւններն ու մտահոգութիւնները: «Արմէնփրէս»ի թղթակցին հետ զրոյցի ընթացքին Յովսէփեան յայտնեց, որ փորձած է ըսել՝ մարդը թէ՛ սուրբ է եւ թէ ստոր: Ցուցահանդէսի բացումը տեղի ունեցած է Երեւանի «Նոր» արուեստանոցին մէջ:

«Ցուցահանդէսը նուիրուած է իւրաքանչիւր այցելուի: Շատ մտածած եմ, թէ ի՞նչ է նկարչութիւնը եւ, առհասարակ, արուեստը: Տարիներու ընթացքին այդ հարցի շուրջ ունեցած բոլոր միտքերս, գաղափարներս արտացոլուած են ցուցասրահի հինգերորդ սրահէն ներս ներկայացուած ստեղծագործութեան մէջ», նշած է Յովսէփեան:

Անոր խօսքով՝ այն կերպարները, որոնք պատկերուած են նկարներու մէջ՝ Վան Կոկ, Քլիմթ եւ այլ մեծանուն նկարիչներ, զինք յանգեցուցած են այն գաղափարին, որ թէ՛ ինք եւ թէ բոլորը աշխարհի կեդրոնին են, եւ ամէն բան կրնանք ընել. մենք կ՚աստուածացնենք եւ կը ստրկացնենք ամէն բան։

Իր իսկ աշխարհայեացքներու, մտածողութեան ու ներաշխարհի անհասկնալի տարբերութեան ու նմանութեան, անտարբերութեան եւ ուժգին սիրոյ խաչմերուկին յառաջացած է ՅովՅարի «Դու...» ցուցահանդէսի գաղափարը։ Բոլոր կտաւները ծնած են ստեղծագործական եւ անձնական ապրումներու շիլաշփոթին մէջ, բայց անհատական ցուցադրութեան համար անհրաժեշտ եղած է իր խօսքով հանդէս գալ: Ցուցասրահներու կտաւները ունին յաջորդական շարունակականութիւն, իւրայատուկ անցումային մօտեցումներ:

Յարութիւն Յովսէփեան ծնած է 1991 թուականին Աբովեան քաղաքին մէջ: Միջնակարգի կրթութիւնը ստացած է ծննդավայր քաղաքի դպրոցին մէջ: 2003-2008 թուականներուն ուսանած է Աբովեանի Գեղարուեստի դպրոցին մէջ: Կրթութիւնը շարունակած է Փանոս Թերլեմեզեանի անուան քոլէճին մէջ: Ուսման ընթացքին ծառայած է բանակին: 2015-ին ընդունուած է Հայաստանի Գեղարուեստի պետական ակադեմիոյ կրաֆիքի բաժինը, ուր մինչ այսօր կը շարունակէ իր ուսումը: Ան եղած է կամաւոր Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին: 2016-ին ընկերներու հետ հիմնադրած է «Նորարար» արուեստանոցը եւ կ՚օգնէ սկսնակ արուեստագէտներուն: 

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 17, 2018