ՆԱԽԱԳԱՀ ՐԷՃԷՊ ԹԱՅՅԻՊ ԷՐՏՈՂԱՆ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ՍՈՉԻ

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան այսօր կ՚այցելէ Սոչի, ուր կը տեսակցի Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Բանակցութիւններու ընթացքին առաջնահերթօրէն օրակարգի վրայ կու գան Սուրիոյ տագնապին վերաբերեալ հարցերը։ Ինչպէս ծանօթ է, ներկայիս Սուրիոյ ճգնաժամի ամբողջին մէջ Իտլիպի իրադարձութիւնները կիզակէտային բնոյթ մը ստացած են։ Այս իրավիճակին մէջ Էրտողան եւ Փութին կարեւոր քննարկումներ կը ծաւալեն Սուրիոյ տեսակէտէ։

Սոչիի այսօրուան բանակցութիւններուն ընդառաջ Էրտողանի բանբերը՝ Իպրահիմ Քալըն յայտարարեց, որ Իտլիպի մէջ ներկայ կարգավիճակը պէտք է պահպանուի։ Իր կարգին, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով ընդգծեց, որ Իտլիպի պարագային Մոսկուա  պիտի չգործէ այնպէս, ինչպէս Ուաշինկթըն գործած էր Ռաքքայի մէջ։ Իսկ Սուրիոյ հարցով Միացեալ Նահանգներու յատուկ ներկայացուցիչ Ճէյմս Ճեֆրի վերջին օրերուն առաջարկներ օրակարգի վրայ բերաւ Սուրիոյ տագնապին շուրջ։ Ամերիկեան կողմը կը նախատեսէ Սուրիոյ ղեկավար Պեշար Էսատով կազմակերպել անցումային շրջան մը։ Ուաշինկթընէն ազդանշաններ կը հասնին, թէ տեղական ղեկավարութիւններն ալ գործընթացէն դուրս պիտի չթողուին։ Սուրիոյ մէջ ստեղծուելիք սահմանադրական յանձնաժողովին մաս պիտի կարենան կազմել երկրի հիւսիս-արեւելքի ներկայացուցիչները։ Այդ կէտին վրայ հակակշիռ հաստատած են Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերը, որու առանցքը կը կազմէ ՓՔՔ ահաբեկչական կազմակերպութեան շառաւիղը՝ ԵՓԿ-ն։ Ակնյայտ է, որ այս վարկածները մտահոգիչ են Անգարայի տեսակէտէ։

Սոչիի այսօրուան գագաթաժողովին ընդառաջ Էրտողան յայտարարեց, որ առերեւոյթ բոլորը կը խօսին Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան մասին, սակայն գործնականին մէջ այդ երկիրը բաժնուած է։ 

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 17, 2018