3527 ՄԱՍՆԱԿԻՑ. 58% ԿԱՊՈՅՏ, 42% ՍՊԻՏԱԿ

Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի կազմի վերանորոգութեան համար երէկ կատարուած ընտրութեան 3 հազար 527 հոգի մասնակցեցաւ։ Բացի Օրթագիւղէն, քուէատուփեր տեղադրուած էին նաեւ Ֆէրիգիւղի, Սամաթիոյ, Գումգաբուի եւ Ենիգիւղի մէջ։

Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս 2 հազար 250 հոգի մասնակցեցաւ ընտրութեան։ Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս քուէարկութեան մասնակցեցաւ 723 հոգի։ Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ համալիրէն ներս քուէատուփի մօտ փութաց 301 հոգի։ Ենիգիւղի Գիւտ Տփոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ քուէարկեց 130 հոգի։ Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ համալիրէն ներս ալ 83 հոգի մասնակցեցաւ քուէարկութեան։ 3411 քուէ համարուեցաւ վաւերական։

Ընտրութեան արդիւնքը առաւել չափով վճռուեցաւ Ֆէրիգիւղի մէջ։ Կապոյտ ցանկը 1307 քուէի արժանացաւ այստեղ՝ Սպիտակ ցանկի ի նպաստ տրուած 871 քուէին փոխարէն։ Սամաթիոյ մէջ ալ կապոյտ քուէները սպիտակներուն դիմաց առաւելութիւն կազմեցին՝ 418-316 արդիւնքով։

Օրթագիւղի մէջ սպիտակ քուէները 166-127 արդիւնքով մեծամասնութիւն ունեցան։ Գումգաբուի մէջ ալ սպիտակները առաւելութեան հասան 61-17 արդիւնքով։ Իսկ Ենիգիւղի մէջ կապոյտ քուէները ունեցան առաւելութիւն՝ 97-31 արդիւնքով։

Այսպէսով, Իսթանպուլի Բ. ընտրաշրջանին մէջ 1996 հոգի քուէարկեց Կապոյտ ցանկին ի նպաստ, իսկ 1445 հոգի ալ՝ Սպիտակ ցուցակին ի նպաստ։ Ընդհանուրին մէջ 521 աւելի քուէի արժանանալով՝ մօտաւորապէս 58-42 տոկոսային յարաբերակցութեամբ Կապոյտ ցուցակը իրաւունք շահեցաւ յառաջիկայ շրջանին Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ղեկը ստանձնելու։

Այժմ կը սպասուի Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան վաւերացման։ 

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 17, 2022