ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹՐԱԿԻՈՅ ԹՈՒՐՔ ՓՈՔՐԱՄԱՍՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ՆՈՐ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐ

Յունաստանի Վարչապետ Ալեքսիս Ցիփրաս յայտնեց, որ Արեւմտեան Թրակիոյ թուրքերու իրաւունքներուն համար կառավարութիւնը ձեռնարկած է օրէնսդրական նախաձեռնութեան մը։ Կիւմիւլճինէ կատարած այցելութեան ընթացքին ան հանդէս եկաւ համապատասխան յայտարարութիւններով, որոնք արձագանգ գտած են նաեւ տեղական մամուլին մօտ։ 

Արեւմտեան Թրակիոյ թուրքերը ցայսօր ամուսնութեան, ամուսնալուծութեան կամ ժառանգներու վերաբերեալ հարցերու պարագային ենթակայ էին միմիայն նշանակեալ միւֆթիներու իրաւասութիւններուն։ Յետ այսու, անոնք պիտի կարենան օգտուիլ նաեւ Յունաստանի Քաղաքացիական օրէնսգիրքէն՝ ցանկութեան պարագային։ «Փոքրամասնութիւնները այս նիւթերուն շուրջ իրաւունք չունէին դիմել պետութեան դատարաններուն։ Որոշեցինք փոփոխութեան ենթարկել այս բանը։ Փոքրամասնութիւններուն նախընտրութեան իրաւունք կը ճանչնանք», ըսաւ Ցիփրաս եւ աւելցուց, որ եթէ նախագիծը օրէնքի ուժ ստանայ՝ ապա փոքրամասնութիւնները ընտանիքի իրաւունքի վերաբերեալ նիւթերուն շուրջ պիտի կարենան Յունաստանի դատարաններուն դիմել՝ ցանկութեան պարագային։

Եւրոպայի մարդու իրաւանց ատեանը (ԵՄԻԱ) հաւանաբար յառաջիկայ ամսուայ սկիզբին ընդունէր որոշում մը, որով Յունաստանը պիտի պախարակէր՝ ընտանեկան իրաւունքի պարագային շերիաթ գործադրելու բերումով։ Դէտերու համոզմամբ, Յունաստանի կառավարութեան սոյն նախաձեռնութիւնը պայմանաւորուած է ԵՄԻԱ-ի այդ որոշումը կանխելու մղումով։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 17, 2017