ԲԱՐԵԱՑԱԿԱՄ ԿԱՊԵՐ

Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի նախընթաց օր Մոսկուա կատարած աշխատանքային այցելութեան արձագանգները կը շարունակուին։ Ան Քրեմլինի պալատին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ երկու նախագահները անդրադարձած են Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացին։ Երկու ղեկավարները Քրեմլինի պալատին մէջ շեշտեցին, որ Երեւան-Մոսկուա համագործակցութիւնը կը զարգանայ բոլոր ուղղութիւններով եւ փափաքելի է այդ միտումի պահպանումը։ Սարգսեան եւ Փութին աչքէ անցուցին երկկողմանի համաձայնութիւններու կատարման ընթացքը։

Սերժ Սարգսեանի Մոսկուա կատարած այցելութեան հիմնական շարժառիթն էր «Ռուսաստանի մէջ Հայաստանի մշակոյթի օրեր»ու մեկնարկը։ Ուստի, երկու ղեկավարները թէեւ առանձնազրոյցի ընթացքին քննարկեցին քաղաքական օրակարգի հարցերը, սակայն անոնց կողմէ փոխանցուած պատգամները այս անգամ առաւել չափով առընչուեցան մշակութային կապերուն։ Արդարեւ, Քրեմլինի բարձր մակարդակի բանակցութիւններուն առընթեր, Սերժ Սարգսեան եւ Վլատիմիր Փութին ելոյթներով հանդէս եկան Թրեթեաքովեան պալատին մէջ՝ մեծանուն նկարիչ Մարտիրոս Սարեանի գործերու ցուցահանդէսին ժամանակ։ Այս ցուցահանդէսով ազդարարուեցաւ «Ռուսաստանի մէջ Հայաստանի մշակոյթի օրեր»ու պաշտօնական բացումը։

Երկու նախագահները հաւաքոյթի ընթացքին փոխանակեցին ջերմ պատգամներ։ Սերժ Սարգսեան շեշտը դրաւ հայ-ռուսական կապերու բարեացակամ բնոյթին վրայ։ «Ժամանակի ընթացքին մեր երկու երկիրներու եւ ժողովուրդներու կեանքին մէջ տեղի ունեցած են զգալի փոփոխութիւններ, սակայն անփոփոխ մնացած են՝ փոխադարձ ջերմութիւնն ու անկեղծութիւնը՝ պարզ մարդկային ճակատագրով եւ իւրաքանչիւր նորի պարագային ընկալունակութեամբ», ըսաւ Սերժ Սարգսեան։ Հաւաքոյթի ընթացքին ան ընդգծեց նաեւ, որ Հայաստան եւ Ռուսաստան եղած են հաւատարիմ աւանդական արժէքներու եւ ազգային ինքնատիպութեան նկատմամբ։

Մոսկուայի մէջ Վլատիմիր Փութին Սերժ Սարգսեանին յանձնեց նաեւ 1995 թուականին Հայաստանէն գողցուած մեծանուն նկարիչ Միխայիլ Վրուպէլի «Թեւը եւ հրեշտակը Թամարի հոգիի հետ» անուն կտաւը։ Երկու նախագահներու միջեւ անցեալ Մարտին տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին համաձայնութիւն գոյացած էր այս մասին։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 17, 2017