ԵԶԱԿԻ ԴԻՐՔՈՎ ԵՐԿԻՐ

Հոլանտայի Ծերակոյտի նախագահ Անքի Պրուքերս-Քնոլ երէկ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ, ուր հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արա Պապլոյեանի կողմէ։ «Արմէնփրէս» գործակալութեան հաղորդումներով, Հայաստանի խորհրդարանէն ներս ունեցած ելոյթին ընթացքին բարձրաստիճան հիւրը յայտնեց. «Երբեմն կրնայ մեզի այնպէս թուիլ, թէ աշխարհի ուժերը կ՚որոշեն գետի ուղղութիւնները։ Թէեւ սա որոշ չափով ճիշդ է, բայց պէտք չէ մոռնանք, որ կան միջին կարգի երկիրներ, որոնց շարքին են Հայաստանն ու Հոլանտան, որոնք ունին եզակի դիրք մը շահերու եւ ուժերու միջեւ։ Հայաստանի պարագային ունիք պատմականօրէն, քաղաքականօրէն եզակի դիրք մը՝ Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ կամուրջ հանդիսանալու համար։ Կը յուսամ, թէ Հայաստան ապագային ալ կը կատարէ այս դերը, ինչ որ օգուտ պիտի բերէ մեզ՝ բոլորիս։ Կ՚ապրինք դժուար աշխարհի մը մէջ՝ պատերազմներ, հակամարտութիւններ, սակայն կան նաեւ նոր հնարաւորութիւններ։ Հայաստան աշխարհի հնագոյն երկիրներէն մին է ու կը գտնուի պատմական հողի վրայ»։

Արա Պապլոյեանի հետ տեսակցելէ վերջ Անքի Պրուքերս-Քնոլ յայտարարութիւններ ըրաւ զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն համար։ Համատեղ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ան յոյս յայտնեց, թէ շնորհիւ իր եզակի դիրքին՝ Հայաստան յառաջիկային պիտի կարենայ կամուրջ մը դառնալ մէկ կողմէ Եւրոմիութեան, իսկ միւս կողմէ Ռուսաստանի եւ Եւրոասիոյ այլ երկիրներու միջեւ։ Լրագրողներու հետ զրուցելու ընթացքին հիւր խորհրդարանի նախագահը ըսաւ. «Սա իմ առաջին այցելութիւնն է Հայաստան։ Հակառակ անոր, որ տակաւին չեմ հասած շատ բան տեսնելու՝ կրնամ ըսել, որ սա շատ գեղեցիկ երկիր մըն է։ Ես շատ տպաւորուած եմ այս հին երկրի պատմութիւնով եւ այն փաստով, որ ան առաջին անգամ քրիստոնէութիւնը ընդունեց որպէս պետական կրօն։ Սա իսկապէս կարեւոր տարի մըն է, որովհետեւ մենք կը նշենք Հայաստանի եւ Հոլանտայի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու 25-ամեակը։ Խօսքը կը վերաբերի մեր երկու երկիրներու միջեւ ուժեղ կապերու եւ բարեկամութեան։ Ես կը յուսամ, թէ երկու շաբթուան ընթացքին պիտի քննարկուի ընդլայնուած յարաբերութիւններու վերաբերեալ կարեւոր պայմանագիրը Հայաստանի եւ Եւրոմիութեան միջեւ, ինչ որ Հայաստանէ ներս պիտի ամրապնդէ կրթութիւնը, անվտանգութիւնը եւ այլ ոլորտները»։

Արա Պապլոյեան եւ Անքի Պրուքերս-Քնոլ Հայաստանի խորհրդարանի պարտէզին մէջ տնկեցին եղեւին մը՝ ի նշան երկու երկիրներու յարատեւ բարեկամութեան։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 17, 2017