ԷՐՏՈՂԱՆ ԵՌԱԿՈՂՄԱՆԻ ԳԱԳԱԹԱԺՈՂՈՎԻ ՀԱՄԱՐ ՊԻՏԻ ՄԵԿՆԻ ՍՈՉԻ

Հանրապետութեան Նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան յառաջիկայ շաբաթ դարձեալ պիտի այցելէ Ռուսաստան։ Ներկայ շաբթուան սկիզբին ան Սոչիի մէջ տեսակցած էր Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Իր յառաջիկայ այցելութիւնն ալ նախատեսուած է դարձեալ դէպի Սոչի։

Էրտողանի այս անգամուան ուղեւորութեան շարժառիթն է Թուրքիոյ, Ռուսաստանի եւ Իրանի նախագահներու եռակողմանի գագաթաժողովը, որ նախատեսուած է 22 Նոյեմբերին։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, եռակողմանի բանակցութիւններու ընթացքին առաջնահերթօրէն օրակարգի վրայ պիտի գայ Սուրիոյ իրադրութիւնը։ Էրտողան, Փութին եւ Իրանի Նախագահ Հասան Ռուհանի մանրամասնօրէն պիտի քննարկեն Սուրիոյ ճգնաժամի լուծման հեռանկարները։ Նախագահներէն օր մը առաջ երեք երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները պիտի տեսակցին։ Անոնց հետ նոյն օրը երեք երկիրներու ընդհանուր սպայակոյտի նախագահներն ալ մէկտեղուելով գագաթաժողովին համար նախապատրաստական աշխատանքներ պիտի կատարեն։

Սոչիի եռակողմանի գագաթաժողովին ընդառաջ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով, որոնց մէջ շեշտը դրաւ Սուրիոյ պարագային այլեւս քաղաքական լուծման առջեւ ճանապարհ հարթելու անհրաժեշտութեան վրայ։ Դէպի Ռուսաստան, Քուէյթ եւ Քաթար ձեռնարկած այցելութեան աւարտին լրագրողներու հետ զրուցելու ժամանակ Էրտողան յայտնեց, որ Սոչիի մէջ ծաւալուելիք քննարկումները նախատեսուած են ի շարունակութիւն Աստանայի գործընթացին։ Երեք նախագահները պիտի շօշափեն Իտլիպի եւ Աֆրինի վերջին իրադարձութիւնները։

Անգարա, Մոսկուա եւ Թեհրան երաշխաւոր եղած են՝ Սուրիայէ ներս բախումներէ զերծ գօտիներ ապահովելու ուղղութեամբ եւ այդ գօտիներու հաստատման համար կը նախատեսեն համագործակցաբար ձեւաւորել վերահսկման ու դիտարկման կէտեր՝ միշտ համակարգելով իրենց նախաձեռնութիւնները։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 17, 2017