ԿԱՐԾԻՔՆԵՐՈՒ ՓՈԽԱՆԱԿՈՒՄ

Թուրքիոյ ժողովրդավարական հարթակի անդամները երէկ երեկոյեան հիւրընկալուեցան քաղաքիս Ֆրանսական պալատին մէջ։ Այս հարթակի անդամներու շարքին կը գտնուին Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Թորոս Ալճան եւ փոքրամասնական հաւաքականութիւններէն զանազան յայտնի գործիչներ։ Իսթանպուլի մօտ Ֆրանսայի աւագ հիւպատոս Պերթրան Պիւշվալթէրի տանտիրութեամբ կազմակերպուեցաւ այս հաւաքոյթը, որու ընթացքին կարծիքի փոխանակումներ կատարուեցան Թուրքիա-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններուն շուրջ։

Երեկոյթին ներկայ գտնուեցան նաեւ Եւրոմիութեան անդամ կարգ մը երկիրներու աւագ հիւպատոսները կամ դեսպանները։ Բացի դիւանագէտներէն, հաւաքոյթի մասնակիցներու շարքին էին իրաւաբան Քեզպան Հաթեմի, գործարար Լէյլա Ալաթոն, Եւրոյանձնաժողովի ներկայացուցիչ Քրիստիան Պերժէ, գործարար Մուսթաֆա Սիւզէր, լրագրող-հրապարակագիր Մուրատ Եթքին, Իսթանպուլի Առեւտրական գրասենեակի նախագահ Իպրահիմ Չաղլար, Թուրքիոյ հրեայ համայնքի նախագահ Իսհաք Իպրահիմզատեհ, ասորի համայնքէն Սայիթ Սուսին, յոյն համայնքէն Լաքի Վինկաս եւ այլ յայտնի անուններ։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 17, 2017