ՄԵԾԱԳՈՅՆ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔ

Իսրայէլի Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Կատի Էյզընքոտ յայտարարեց, որ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ մեծագոյն սպառնալիքը կը հանդիսանայ Իրան։ Բարձրաստիճան զինուորականը Սէուտական Արաբիոյ զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն տուաւ հարցազրոյց մը, որու ընթացքին մեկնաբանեց տարածքաշրջանի իրադարձութիւնները։ Ըստ իրեն, Թեհրան կը ձգտի Լիբանանէն դէպի Իրան, Արաբական ծոցէն դէպի Կարմիր ծով՝ ստեղծել շիի գօտի մը։ Այսպէսով Իրան կը ձգտի Մերձաւոր Արեւելքը առնել իր հակակշռին տակ եւ զօրավար Էյզընքոտ համոզուած է, թէ այս բանը պէտք է կանխուի։ Իսրայէլ մտադրութիւն չունի Լիբանանի մէջ «Հիզպուլլահ»ի դէմ յարձակման անցնելու։ «Իրանի դէմ պատրաստ ենք Սէուտական Արաբիոյ եւ միւս չափաւոր արաբական երկիրներուն հետ փոխանակելու փորձառութիւն եւ լրաքաղութիւն», ըսաւ ան։

Իսրայէլէն զինուորական մը առաջին անգամ յայտարարութիւն ըրած է Սէուտական Արաբիայէն լրատուամիջոցի մը։ Ան խօսած է «Սուուտի էլ Աֆ» թերթին։ Իսրայէլի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ չեն գտնուիր։ Յամենայնդէպս զօրավարը շեշտած է, որ Իրանի մտադրութեան պարագային Իսրայէլ եւ Սէուտական Արաբիա համակարծիք են։ Էյզընքոտ յիշեցուց, որ երկու երկիրները աւելի առաջ չեն պատերազմած իրարու դէմ։

Այս յայտարարութիւնները զուգադիպեցան այն ժամանակաշրջանին, երբ Սէուտական Արաբիոյ մէջ գահաժառանգ Մուհամմէտ ապօրինութիւններու դէմ մեծ արշաւի մը ձեռնարկած է, իսկ Լիբանանի Վարչապետ Սաատ Հարիրի հրաժարած է՝ պատճառաբանելով Իրանի սպառնալիքը

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 17, 2017