ԵՌԱԿՈՂՄԱՆԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Իս­թան­պու­լի մէջ այ­սօր տե­ղի կ՚ու­նե­նայ Թուր­քիոյ, Ատր­պէյ­ճա­նի եւ Վրաս­տա­նի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար­նե­րուն ե­ռա­կող­մա­նի հան­դի­պու­մը։ Այս առ­թիւ, Ազ­գա­յին պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Իս­մէթ Եըլ­մազ կը հիւ­րըն­կա­լէ իր եր­կու պաշ­տօ­նա­կից­նե­րը՝ Ատր­պէյ­ճա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Զա­քիր Հա­սա­նո­վը եւ Վրաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Թի­նա­թին Խի­տա­շե­լին։

Պա­քուի աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, ե­ռա­կողմ հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին նա­խա­րար­նե­րը կը քննար­կեն տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին անվ­տան­գու­թեան, տնտե­սա­կան զար­գաց­ման եւ այս ե­րեք եր­կիր­նե­րու մի­ջեւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր։ Ա­նոնք կ՚անդ­րա­դառ­նան ե­ռա­կող­մա­նի ձե­ւա­չա­փով այս հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան հա­մա­տեղ օ­րա­կար­գին վե­րա­բե­րեալ այլ զա­նա­զան հար­ցե­րու։

 

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 17, 2015