ԱՄԱՆՈՐԻ ՍԵՄԻՆ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆ ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍԻ ՀԱՅ ԴՊՐՈՑՆԵՐՈՒ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս առաջնորդարանը զանազան ծրագրեր կը կազմակերպէ՝ Նոր տարուայ եւ Ս. Ծննդեան շրջանի խանդավառութեան նոր սերունդը հնարաւորինս հաղորդ դարձնելու նպատակով։ Այս ամբողջին մէջ, Լոս Անճելըսի շրջանի հայկական վարժարաններու աշակերտներուն մասնակցութեամբ խրախճանք մը տեղի ունեցաւ Պըրպենքի առաջնորդարանի համալիրէն ներս, «Գալայճեան» հանդիսասրահի երդիքին տակ։ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան եւս ներկայ գտնուեցաւ այս խրախճանքին՝ իր հետն ունենալով Դամասկոսի թեմի առաջնորդ Տ. Արմաշ Եպսկ. Նալպանտեանը։

Առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան եւ հոգեւոր հայրերը, նաեւ առաջնորդարանի պաշտօնէութիւնը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին աշակերտները՝ անոնց հետ բաժնելով տարեմուտի ոգեւորութիւնը։ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան այս առթիւ տղոց փոխանցեց յորդորներ եւ տուաւ իր օրհնութիւնը՝ որպէսզի Նոր տարիին ըլլան յաջող եւ իրենց ընտանեկան յարկերէն ներս տիրէ երջանկութիւն։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 17, 2018