ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորումը կը շարունակէ մնալ երկրի գլխաւոր առաջնահերթութիւնը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Նիկոլ Փաշինեան գրառում մը կատարեց Twitter-ի էջին վրայ։ Այս առթիւ ան նշեց. «Մենք կը շարունակենք խաղաղ գործընթացը՝ ի բարօրութիւն տարածքաշրջանի խաղաղութեան եւ անվտանգութեան։ Կարգաւորումը կը պահանջէ բոլոր կողմերու ջանքերը»։

Փաշինեանի այս յայտարարութիւնը զուգադիպած է ուշագրաւ ժամկէտի մը։ Արդարեւ, Հայաստանի խորհրդարանական արտահերթ ընտրութեան յաջորդած ներկայ ժամանակաշրջանին կ՚ակնկալուի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացէն ներս նոր աշխուժութիւն մը։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարով վերջին օրերուն Միլանոյի մէջ հանդիպում մը ունեցած էին՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու միջնորդութեամբ։ Այդ հանդիպման ժամանակ համաձայնութիւն գոյացած էր նաեւ երկու նախարարներու միջեւ յառաջիկայ տարեմուտին նոր տեսակցութեան մը կազմակերպման շուրջ։ Մինչ այդ, Մոսկուայի ղեկավարութեան կողմէ ալ վերջին օրերուն բարձրաձայնուեցան ակնկալութիւններ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ ուղղակի շփումներու համար։

Ղարաբաղի հիմնախնդիրը երէկ օրակարգի վրայ եկաւ նաեւ Պաքուի մէջ, ուր տեղի ունեցաւ Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն ժողովը։ Նիստին ներկայ էր նաեւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով, որ Պաքուի մէջ հանդիպում մըն ալ ունեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ ԹԱՍՍ գործակալութեան հաղորդումներուն հիման վրայ «Արմէնփրէս» տեղեկացուց, որ ռուս նախարարը Պաքուի ժողովի ընթացքին խօսած է ղարաբաղեան հիմնախնդրին շուրջ։ Ըստ իրեն, Ռուսաստան կ՚ակնկալէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման բանակցութիւններու վերսկսումը Հայաստանի նոր կառավարութեան ձեւաւորումէն վերջ։ Լաւրով ըսաւ.

«Երէկ ես շարունակական եւ մանրամասն զրոյց մը ունեցայ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Մենք զգացած ենք բանակցութիւնները վերսկսելու եւ շինիչ լուծում մը գտնելու իր անկեղծ տրամադրութիւնը։ Ռուսաստան՝ որպէս Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի մտերիմ գործընկեր եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիր, ամէն ինչ պիտի ընէ փոխադարձ զիջումներու հասնելու տեսակէտէ անհրաժեշտ պայմաններ ստեղծելու համար»։

Սերկէյ Լաւրով յիշեցուց վերջին շրջանին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ղեկավարներու կամ նախարարներու մակարդակով տեղի ունեցած շփումները, սակայն այդ բոլորը նախորդեցին Հայաստանի վերջին ընտրութիւններուն։ «Հիմա, երբ այդ փուլը արդէն կ՚անցնի, կը սպասուի կառավարութեան ձեւաւորման, որմէ վերջ, ես կը կարծեմ, թէ հայկական կողմը պատրաստ կ՚ըլլայ ատրպէյճանցիներու, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու հետ վերսկսիլ բանակցային գործընթացը», նշեց Սերկէյ Լաւրով։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 17, 2018