ՈՒՔՐԱՅՆԱՅԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆ ՀՌՉԱԿԵՑ

Ուքրայնոյ եկեղեցին շաբաթավերջին պաշտօնապէս հռչակեց իր անկախութիւնը։ Ան այսպէսով խզեց իր կապերը Ռուս Ուղղափառ եկեղեցւոյ հետ եւ Ֆէնէրի Յունաց պատրիարքութեան հովանաւորութեան տակ դարձաւ անկախ եկեղեցի մը։ Ուքրայնոյ Ուղղափառ եկեղեցւոյ հիմնադիր համագումարին մասնակցութիւն բերաւ նաեւ երկրի ղեկավարը՝ Փեթրօ Փորոշենքօ։ Եկեղեցւոյ գլուխը անցաւ 39-ամեայ Էփիֆենի Տումենքօ՝ մետրապոլիտի տիտղոսով։

Համագումարը տեղի ունեցաւ Քիեւի Ս. Սոֆիա եկեղեցւոյ մէջ ու տեւեց եօթ ժամ։

Ուքրայնոյ եկեղեցւոյ գլուխը ոչ թէ պատրիարքի մը այլ մետրապոլիտի մը գտնուիլը տեղի տուաւ զանազան մեկնաբանութիւններու։ Այսպէս, սոյն եկեղեցին կրնայ կապուիլ Ֆէնէրի Յունաց պատրիարքարանին։ Իսկ Ռուս Ուղղափառ եկեղեցին տեղեկացուց, որ չի ճանչնար Քիեւի մէջ տեղի ունեցած ընտրութիւնը։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 17, 2018