ԱՐՑԱԽԸ ՊԱՇԱՐՄԱՆ ՏԱԿ՝ ԱՐԴԷՆ 5 ՕՐԷ Ի ՎԵՐ

Արցախը կը շարունակէ մնալ պաշարման մէջ։ Փակ է Լաչինի միջանցքը եւ անորոշ սպասումը կը շարունակուի ամբողջ հայաշխարհէն ներս։

Ստեփանակերտի ղեկավարութիւնը կը ջանայ իր ահազանգը հասցնել համայն աշխարհին։ Մինչ այդ, Լաչինի միջանցքի փակումն ու ընդհանրապէս Արցախի հարցը այսօր ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրդի օրակարգին վրայ կու գայ։

Արցախի Պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան, որ երէկ օրուան սկիզբին յայտնած էր, թէ այսօր Ստեփանակերտի մէջ մեծ հանրահաւաք մը տեղի կ՚ունենայ, աւելի ուշ յայտնեց, թէ այդ նախաձեռնութիւնը կը յետաձգուի։ Ռուբէն Վարդանեան որոշած է հանրահաւաքի փոխարէն այցելել Ստեփանակերտէ դուրս Արցախի զանազան շրջանները։

Իր կարգին, Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանն ալ երէկ յայտարարեց. «Արցախի ժողովուրդը որոշած է իրեն հասցուած ֆիզիքական զրկանքները արժանապատուօրէն կրել՝ այդպէսով չէզոքացնելով Հայաստանին զիջումներ պարտադրելու հաւանական բոլոր փորձերը»։

Սա արդէն հինգերորդ օրն է, որ Արցախը օղակի մէջ է։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 17, 2022