ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ ՊԻՏԻ ՄԵԿՆԻ ՄՈՍԿՈՒԱ
Հայաստանի Վարչապետ Կարէն Կարապետեան կը պատրաստուի պաշտօնական այցելութիւն մը տալ Մոսկուա՝ Ռուսաստանի Վարչապետ Տիմիթրի Մետվետեւի հրաւէրին ընդառաջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս այցելութիւնը տեղի պիտի ունենայ Յունուարի 24-ին։ Կարէն Կարապետեան եւ Տիմիթրի Մետվետեւ պիտի քննարկեն Երեւան-Մոսկուա յարաբերութիւններու ընթացքը, ինչպէս նաեւ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան (ԵՏՄ) շրջանակներէն ներս երկկողմանի համագործակցութեան վերաբերեալ հարցեր։ Վարչապետները մասնաւորապէս ուշադրութիւն պիտի կեդրոնացնեն առեւտրատնտեսական, ուժանիւթի, փոխադրութեան, մարդասիրական եւ համատեղ ներդրումային ծրագրերու մասին հայ-ռուսական համագործակցութեան վրայ։ ԵՏՄ-ի ծիրէն ներս համարկման խորացումն ալ կարեւոր տեղ պիտի զբաղեցնէ քննարկումներու օրակարգին վրայ։
Մոսկուայի մէջ բանակցութիւններուն զուգահեռ կը նախատեսուի շարք մը միջկառավարական փաստաթուղթերու ստորագրումը՝ զանազան ոլորտներէ ներս հայ-ռուսական համագործակցութեան ամրապնդման ուղղութեամբ։