ՇԱՐԺԱՅԻ ԵՒ ՏՈՒՊԱՅԻԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐ

Դէպի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ պաշտօնական այցելութեան ծիրէն ներս, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան աւարտելով Ապու Տապիի շփումները, երէկ հանդիպումներ ունեցաւ Շարժայի եւ Տուպայիի մէջ։ Այսպէս, Արմէն Սարգսեան տեսակցեցաւ Շարժայի կառավարիչ Շէյխ Սուլթան պին Մուհամմէտ էլ Քասըմի եւ Տուպայիի մէջ ալ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու փոխ-նախագահ ու վարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Շէյխ Մուհամմէտ պին Ռաշիտ էլ Մաքթումի հետ։ Նախագահ Սարգսեան տեսակցեցաւ նաեւ Տուպայիի Միջազգային ելմտական կեդրոնի կառավարիչ Իսսա Ապտիւլֆետտահ Քեազըմի հետ։

Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները հաղորդեցին, որ Ապու Տապիէ հրաժեշտ առնելէ առաջ Արմէն եւ Նունէ Սարգսեան ամոլը այցելած է տեղւոյն Սրբոց Նահատակաց հայկական եկեղեցին։

Ուրբաթ, Յունուար 18, 2019