ԴԵՍՊԱՆ ԼՈՒՔԱՇԵՒԻՉ ՄՏԱՀՈԳ

ԵԱՀԿ-ի մօտ Ռուսաստանի մշտական ներկայացուցիչ Ալեքսանտր Լուքաշեւիչ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի առկայ իրավիճակին։ Իր խօսքով՝ հակառակ որոշ դէպքերուն, ընդհանուր առմամբ, Ռուսաստանի ջանքերով հնարաւոր եղած է տարածաշրջանէն ներս պահպանել կայունութիւնը։ Ըստ իրեն, իրավիճակի կայունութիւնը թոյլ տուած է անդրադառնալու այլ հարցերուն. օրինակ՝ ճանապարհներու ապաշրջափակում, «3+3» ձեւաչափի քննարկում եւ այլն։

Միեւնոյն ժամանակ Լուքաշեւիչ յայտնեց, որ միեւնոյն ժամանակ մտահոգուած է, թէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները չեն կարողանար այցելել Լեռնային Ղարաբաղ։ «Մենք մտահոգուած ենք, որ համանախագահներու եռեակը տակաւին չէ կարողացած այցելել տարածաշրջան, ծանօթանալու համար իրավիճակին եւ նախանշելու համար յստակ միջոցները՝ նպաստելու կողմերուն քաղաքացիներու միջեւ կապեր հաստատելու ուղղութեամբ, մարդասիրական խնդիրները լուծելու համար», ըսաւ ռուս բարձրաստիճան դիւանագէտը եւ յոյս յայտնեց, թէ այդ այցելութիւնը տեղի կ՚ունենայ մօտաւոր ապագային։

Երեքշաբթի, Յունուար 18, 2022