ԴԻՒԱՆԱԳԷՏՆԵՐՈՒ ՀԱՒԱՔ

Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները երէկ տեղեկացուցին, որ շաբաթավերջին Վիեննայի մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի, նախարարութեան կեդրոնական վարչախումբի, եւրոպական երկիրներէ ներս հաւատարմագրուած դեսպաններու եւ Եւրոպայի շարք մը միջազգային կազմակերպութիւններէ ներս հաւատարմագրուած մշտական ներկայացուցիչներու հաւաքը։

Հանդիպման ընթացքին, ի թիւս այլ հարցերու, նախարարի ներկայութեամբ քննարկուեցան ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան շրջանակներէն ներս Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացի լիարժէք վերագործարկման, Հարաւային Կովկասէ ներս տնտեսական ու փոխադրութեան ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման, Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանագօտիէն ներս կայունութեան եւ անվտանգութեան բարձրացման, ինչպէս նաեւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղութեամբ սկիզբ առած գործընթացներու մանրամասնութիւնները։

Կարեւորուեցաւ առկայ համախոհութեան մթնոլորտի մէջ Երեւանի արտաքին քաղաքական առաջնահերթութիւններուն սպասարկելու ուղղութեամբ առաւել աշխոյժ գործունէութեան ծաւալուիլը։

Երեքշաբթի, Յունուար 18, 2022