ԹԵՀՐԱՆ Կ՚ՈՂՋՈՒՆԷ ՋԱՆՔԵՐԸ

Իրանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Սայիտ Խաթիփզատէ երէկ յայտարարեց, որ Թեհրան կ՚ողջունէ Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղեալ ջանքերը։ Այսպէսով տարածաշրջանի կարեւոր դերակատարներէն Թեհրան պաշտօնապէս արձագանգած եղաւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղեալ գործընթացին։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, մեկնաբանելով Մոսկուայի մէջ անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցած յատուկ ներկայացուցիչներու առաջին հանդիպումը՝ Սայիտ Խաթիփզատէ յայտարարեց, որ Իրան կ՚ողջունէ իր հարեւաններուն միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորումը եւ կ՚աջակցի այդ ուղղութեամբ ձեռնարկուած ջանքերուն։ «Մեր տարածաշրջանը յոգնած է յարաբերութիւններու խզումէն ու բացասական մօտեցումներէ։ Պէտք է օգնենք դրական մօտեցումներու եւ տեսակէտներու ձեւաւորման», նշեց բանբերը։

Արցախի երկրորդ պատերազմին յաջորդած մթնոլորտին մէջ, Իրան դրական վերաբերմունք ցոյց տուած է նաեւ՝ Հարաւային Կովկասի պարագային Թուրքիոյ կողմէ նախատեսուած «3+3» ձեւաչափով հարթակի ձեւաւորման առաջարկին նկատմամբ։ Թեհրանի ներկայացուցիչը մասնակցած էր նաեւ այս ձեւաչափով՝ արտաքին գործոց փոխ-նախարարներու մակարդակով մօտաւոր անցեալին Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած առաջին հանդիպման։

Երեքշաբթի, Յունուար 18, 2022