ՄՈՍԿՈՒԱ-ԹԵՀՐԱՆ ՇՓՈՒՄՆԵՐ

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով եւ Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահիան երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը։ Այս առթիւ անոնք անդրադարձան Թեհրանի միջուկային ծրագրին շուրջ ստեղծուած իրավիճակին։

Հարկ է նշել, որ ներկայ շաբթուան տեւողութեան Մոսկուայի մէջ նախատեսուած է նաեւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռաիսիի հանդիպումը։ Փութին մօտաւոր անցեալին ալ մէկտեղուած էր Չինաստանի իր պաշտօնակցին հետ։

Քրեմլինի աղբիւրները հաղորդած են, որ այս շաբաթ Փութին բարձր մակարդակի վրայ այլ միջազգային շփումներ ալ կ՚ունենայ՝ զուգահեռաբար Ռուսաստանի Անվտանգութեան խորհուրդն ալ ժողով մը կը գումարէ։

Երեքշաբթի, Յունուար 18, 2022