ՆԵՐԴՐՈՒՄՆԵՐՈՒ ԹԻՐԱԽԱՒՈՐՈՒՄ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, որ աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ դէպի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ (ԱՄԷ), երէկ մասնակցեցաւ «Ապու Տապիի կայունութեան շաբաթ-2022» միջազգային ֆորումի բացման հանդիսաւոր արարողութեան։ Տուպայիի մէջ, «Էքսփօ 2020 Տուպայի» համաշխարհային ցուցահանդէսներու կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ այս արարողութիւնը, որուն ներկայ գտնուեցան ԱՄԷ-ի փոխ-նախագահ ու վարչապետ, Տուպայիի էմիրութեան կառավարիչ Շէյխ Մուհամմէտ պին Ռաշիտ էլ Մաքտում, Քորէայի Հանրապետութեան նախագահ Մուն Ճէ Ին, Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան ընդհանուր տնօրէն Թետրոս Կեպրէյէսուս, զանազան երկիրներու կամ միջազգային կազմակերպութիւններու, ինչպէս նաեւ խոշոր ընկերութիւններու ղեկավարներ։

Նախագահ Սարգսեան այս առթիւ այցելեց «Էքսփօ 2020 Տուպայի» համաշխարհային ցուցահանդէսներու կեդրոնէն ներս Հայաստանի տաղաւարը։ Ան այցելեց նաեւ հիւրընկալ երկրի տաղաւարը։

Միւս կողմէ, աշխատանքային այցելութեան ծիրէն ներս Արմէն Սարգսեան տեսակցեցաւ «Մուպատալա» ներդրումային ընկերութեան գործադիր տնօրէն Քալտուն Խալիֆա էլ Մուպարաքի հետ։ Զրոյցի ընթացքին քննարկուեցան այդ ընկերութեան կողմէ Հայաստանէ ներս ներդրումներու կատարման հնարաւորութիւններ։ Այս ընկերութեան մասնաճիւղն է «Մաստար» ընկերութիւնը, որ Հայաստանէ ներս ներդրումներ կատարելով ծրագիրի մը սկսած է՝ վերականգնուող ուժանիւթի բնագաւառին մէջ։ Արմէն Սարգսեան երէկ շօշափեց այլընտրանքային ուժանիւթի եւ այլ բնագաւառներու մէջ ծաւալուն ներդրումներ կատարելու հնարաւորութիւնները։ Նախագահը դիտել տուաւ, որ Հայաստան շահագրգռուած է ԱՄԷ-ի ընկերութիւններու հետ տնտեսութեան այլ ոլորտներէն ներս աշխատանք տանելու ու պատրաստակամ է երկարատեւ համագործակցութեան։

Նախագահ Սարգսեան այս առաւօտ ալ հանդիպում մը ունեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Բնապահպանութեան ու կլիմայական փոփոխութիւններու նախարար Մարիամ էլ Մուհէյրի հետ։ Նոյնպէս այս առաւօտ ան տեսակցեցաւ նաեւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու յառաջատար թեքնոլոժիներու եւ գիտութեան հարցերով պետական նախարար Սարա էլ Ամիրիի հետ։

Երեքշաբթի, Յունուար 18, 2022