ՍԱՀՄՌԿԵՑՈՒՑԻՉ ՊԱՅԹՈՒՄ

Մայրաքաղաք Անգարայի մէջ երէկ երեկոյեան պատահեցաւ սահմռկեցուցիչ պայթում մը։ Պետական կարեւորագոյն շարք մը շէնքերու գտնուած թաղամասէն ներս տեղի ունեցաւ ահաբեկչական յարձակում մը, որ ունեցաւ ծանր հետեւանքներ։ Գործէ արձակման ժամերուն համընկնեցաւ այս տմարդի արարքը, որուն զոհ գնաց 28 հոգի, կայ նաեւ 61 վիրաւոր։ Զինուորականութեան աշխատակիցները փոխադրող ինքնաշարժներուն վրայ գործուեցաւ այս յարձակումը։ Վարչապետ Ահմէտ Տավուօղլու այս առաւօտ յայտարարեց, թէ դէպքը առընչութիւն ունի ԵՓԿ-ի հետ։ Յարձակումը իրականացուցած է մահապարտ մը, որն է սուրիացի Սալիհ Նեճար՝ ԵՓԿ-ի անդամ։ Հարկ է նշել, որ ան այս առաւօտ ցաւակցական այցելութեան մը փութաց Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահութեան։ Ան այս առաւօտ յայտարարեց, թէ յարձակումը աղերս ունի ԵՓԿ-ի հետ։

Երէկուան պայթումը բառին բուն իմաստով յեղաշրջեց երկրին օրակարգը։ Արդարեւ, Թուրքիա հերթական անգամ այսպիսի ծանր մարտահրաւէր մը կը դիմագրաւէ՝ ամուր միասնականութեամբ եւ հանրային կարծիքի խոր գիտակցութեամբ։ Ամբողջ երկիրը անէծք կը տեղացնէ ահաբեկչութեան ու բռնութեան դէմ՝ համոզուած ըլլալով, որ նման միջոցներով անկարելի է լուծել որեւէ խնդիր։ Պետական աւագանին ալ խստիւ դատապարտեց այս տմարդի դէպքը։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան յայտնեց, թէ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի շրջագծով տրուած կորուստները արդէն Թուրքիոյ համբերութիւնը հատցնելու վրայ են։ Ըստ իրեն, պայքարը պիտի շարունակուի գործակատարներու եւ անոնց ետին կանգնած ուժերուն դէմ։ Անգարայէն բարձրացած բողոքի ձայնը լայն արձագանգ գտաւ նաեւ համայն աշխարհին մէջ։ Ամբողջ միջազգային հանրութիւնը ահաբեկչական այս ծանր պատահարին կապակցութեամբ երէկ երեկոյեան ժամերէն սկսեալ անվերապահ զօրակցութիւն կը յայտնէ ի նպաստ Թուրքիոյ։ Իսկ երկրէն ներս, ոչ միայն ղեկավարութիւնը կամ իշխանութիւնները, այլ նաեւ խորհրդարանէն ներս ներկայացուած բոլոր ընդդիմադիր կուսակցութիւնները եւ հանրային կարծիքը միահամուռ կը պախարակեն արիւնալի ահաբեկչութիւնը։ 

Անգարայի երէկուան յարձակումէն վերջ երեկոյեան ժամերուն Պէշթէփէի նախագահական պալատէն ներս տեղի ունեցաւ անվտանգութեան հարցերու շուրջ բարձր մակարդակով խորհրդակցութիւն մը։ Այս ժողովը թէեւ արդէն նախատեսուած էր, սակայն հրատապ իրադարձութիւնը փոփոխութեան ենթարկեց անոր օրակարգը։ Էրտողանի գլխաւորութեամբ՝ խորհրդակցութեան մասնակցեցան Տավուտօղլու, Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Հուլուսի Աքար, Ներքին գործոց նախարար Էֆքեան Ալա եւ ՄԻԹ-ի խորհրդական Հաքան Ֆիտան։ Տակաւին այս խորհրդակցութիւնը կը շարունակուէր, երբ Էրտողանի գրաւոր պատգամը փոխանցուեցաւ հանրային կարծիքին։ Փոխ-վարչապետ Նուման Քուրթուլմուշն ալ կառավարութեան անունով հանդէս եկաւ բողոքի յայտարարութիւնով մը, մինչ խորհրդարանի չորս կուսակցութիւններէն երեքը համատեղ յայտարարութիւն մը հրապարակեցին։ 

Այս ահաւոր դէպքէն վերջ, Էրտողան եւ Տավուտօղլու ջնջեցին երէկ երեկոյեան նախատեսուած իրենց ճամբորդութիւնները դէպի Պաքու եւ Պրիւքսէլ։ 

ՎԵՐՋԻՆ ԺԱՄ

Տիարպաքըր-Լիճէ մայրուղիին վրայ զինուորական ինք­նա­շար­ժի մը դէմ գոր­ծուած յար­ձակ­ման հե­տե­ւան­քով այս ա­ռա­ւօտ նա­հա­տա­կուե­ցաւ վեց զի­նուոր։

Հինգշաբթի, Փետրուար 18, 2016