ԻՆՏՈՆԵԶԻՈՅ ՄԷՋ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԶԲՕՍԱՇՐՋԱՅԻՆ ԳՐԱՒՉՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ

«Անթարա» լրատուական գործակալութեան պատկերասրահին մէջ, վերջերս տեղի ունեցաւ «Հայաստան. առասպելներու երկիր» խորագիրը կրող լուսանկարներու երկշաբաթեայ ցուցահանդէսին փակումը, որուն շրջագիծին մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը եւ «Անթարա» լրատուական գործակալութիւնը միասնաբար կազմակերպած էին հանդիպում-քննարկում` Ինտոնեզիայի աւելի քան 50 զբօսաշրջային ընկերութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ լուսանկարիչ լրագրողներուն հետ:

Ձեռնարկին ելոյթ ունեցաւ Ինտոնեզիոյ զբօսաշրջային միութեան Ճաքարթայի մասնաճիւղի նախագահ Ռեւալինօ Թոպինկ:

Քննարկման սկզբնաւորութեան ցուցադրուեցաւ Հայաստանի զբօսաշրջային գրաւչութիւնները ներկայացնող տեսաերիզ մը, որմէ ետք Հայաստանի դեսպան Ձիւնիկ Աղաճանեան, «Անթարա» գործակալութեան լրագրող Աթման Ահտիաթ եւ լուսանկարիչ լրագրող Հերմանիւս Փրիհաթնա անդրադարձան Հայաստանի պատմամշակութային հարուստ զբօսաշրջային ուղղութեան եւ պատասխանեցին ներկաներու հարցումներուն:

Երկուշաբթի, Փետրուար 18, 2019