ԵՄ-ԷՆ ԵՐԿՐՈՐԴ ՊԱՏՈՒԷՐ

Եւրոմիութիւնը քորոնաժահրի դէմ պատուաստանիւթի ներածման համար երկրորդ պատուէրը տուած է «Moderna» ամերիկեան ընկերութեան, որու համահիմնադիրներէն է ամերիկահայ յայտնի գիտնական, գործարար ու բարերար Նուպար Աֆէեան։ Կը հաղորդուի, որ 300 միլիոն դեղաչափ եւս ստանալու համար նոր պայմանագիր մը կնքուած է Եւրոյանձնաժողովի եւ «Moderna»ի միջեւ։

Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լէյէն երէկ Պրիւքսելի մէջ սարքած մամլոյ ասուլիսին ժամանակ այս կապակցութեամբ հանդէս եկաւ բացատրութիւններով։ Ըստ իրեն, ԵՄ-էն ներս ցարդ 22 միլիոն հոգի արդէն իսկ պատուաստուած է։ Սա կը համապատասխանէ ԵՄ-ի անդամ երկիրներու ընդհանուր բնակչութեան շուրջ 5 տոկոսին։

ԵՄ կ՚ակնկալէ, որ մինչեւ այս տարուայ սեպտեմբերը եւրոպացիներու շուրջ 70 տոկոսը արդէն պատուաստուած ըլլայ։ Այս նպատակով պատուաստ արտադրող զանազան ընկերութիւններու հետ եւրոպական կողմը համաձայնութիւններ կը կնքէ։ Առաքումներու յապաղումը կրնան խոչընդոտել պատուաստումներու վերաբերեալ Պրիւքսելի յաւակնոտ ծրագրերը։

Հինգշաբթի, Փետրուար 18, 2021