ԳԱՅԹԱԿՂԵՑՈՒՑԻՉ ՈՐԱԿՈՒՄ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն Ռուսաստանը ամբաստանեց՝ իր երկրին մէջ 2020 թուականին տեղի ունեցած նախագահական ընտրութեան միջամտած ըլլալով։ Ամերիկեան հեռուստակայանէ մը սփռուած հարցազրոյցին մէջ Ճօ Պայտըն շատ խիստ ազդարարութիւններ ուղղեց Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի դէմ։ Ըստ իրեն, այդ միջամտութեան համար Քրեմլին փոխարժէք մը պիտի վճարէ։ Հարցազրոյցի ժամանակ Ճօ Պայտըն դիտել տուաւ, որ յունուարին տեղի ունեցած հեռախօսազրոյցին ժամանակ Վլատիմիր Փութինը զգուշացուցած էր, թէ ամերիկեան կողմը կրնայ փոխադարձել ընտրութիւններուն կատարուած միջամտութեան վերաբերեալ պնդումներուն։ Պայտըն աւելցուց նաեւ, որ իր համոզմամբ Վլատիմիր Փութին ոճրագործ մըն է եւ ան ոգի չունի։

Նախագահ Պայտընի այս յայտարարութիւններուն առընթեր, Սպիտակ տան աղբիւրներն ալ Մոսկուայի ուղղեալ ոճը հետզհետէ կը խստացնեն։ Այսպէս, բանբեր Ճեն Փսաքի յայտնեց, որ նոր ղեկավարութիւնը ռուսական կողմին հետ՝ անցեալ չորս տարիներուն բաղդատմամբ բաւական տարբեր յարաբերութիւններ յառաջ պիտի տանի։

Ստեղծուած լարուած իրավիճակին մէջ Ռուսաստան խորհրդակցութիւններու համար Մոսկուա կանչած է Ուաշինկթընի իր դեսպանը։

Հինգշաբթի, Մարտ 18, 2021