ՉԱՎՈՒՇՕՂԼՈՒ ԵՒ ՏԵՆՏԻԱՍ ԱՅՑԵՐ ՊԻՏԻ ՓՈԽԱՆԱԿԵՆ

Յունաստանի Արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Տենտիաս 14 ապրիլին պիտի այցելէ Թուրքիա։ Երէկ, Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու այս մօտալուտ այցելութեան մասին տեղեկացնելով աւելցուց, որ աւելի վերջ ինքն ալ Յունաստան պիտի ուղեւորուի։

Միջերկրականի արեւելքի իրադարձութիւններուն բերումով Անգարա-Աթէնք առանցքին վրայ յառաջացած լարուածութիւններէն վերջ, միջազգային ակնկալութիւններուն ալ զուգահեռ՝ վերջին շրջանին երկու հարեւանները հետամուտ եղած էին երկխօսութեան։ Երկար ընդհատումէ մը վերջ վերսկսած բանակցութիւնները ընդհանրապէս դրական մթնոլորտի մը մէջ կը շարունակուին։ Օրակարգի վրայ կու գան նաեւ Եգէականի վերաբերեալ տարակարծութիւնները։ Կողմերը կը ջանան եզրակացութեան մը յանգիլ վիճելի բոլոր խնդիրներուն շուրջ։

Նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու յայտնեց, որ իրատես մօտեցում մը չ՚ըլլար՝ միակ ժողովով մը վերջնական լուծման սպասման մէջ մտնելը։

Թուրքիա եւ Յունաստան վերջին շրջանին մրցակցութեան մէջ են Միջերկրականի արեւելքի բնական պաշարներէն օգտուելու վերաբերեալ հարցերուն շուրջ։ Այդ մրցակցութեան տեսակէտէ կարեւոր դերակատարութիւն ունի նաեւ Եգիպտոս։ Անգարա եւ Աթէնք վերջին շրջանին զարկ տուած են նաեւ իրենց նախաձեռնութիւններուն՝ ուղղեալ Գահիրէի։

Հինգշաբթի, Մարտ 18, 2021