ՍԻՒՆԻՔԻ ՀԱՐՑԵՐՈՎ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄՆԵՐ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ երկրի Մարդու իրաւանց պաշտպան Արման Թաթոյեանի հետ։ Զրոյցի ընթացքին քննարկուեցան գերիներու վերադարձի եւ կորսուածներու հայրենադարձման ուղղութեամբ ձեռնարկուած աշխատանքները։ Արման Թաթոյեան ներկայացուց Սիւնիքի մարզի բնակիչներու իրաւունքներու երաշխաւորման նպատակով ապառազմականացուած անվտանգութեան գօտի մը ստեղծելու ուղղեալ իր հայեցակարգը։ Ան շեշտեց, որ սահմաններու վերաբերեալ գործընթացը յառաջ կը տարուի Ատրպէյճանի կողմէ պատերազմի բացայայտ սպառնալիքի ներքեւ, այդ երկրի բարձրագոյն իշխանութիւններու հայատեացութեան պետական քաղաքականութեան պայմաններով։ Բաց աստի, Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու ծառայողները կրակոցներ կ՚արձակեն Սիւնիքի մարզի գիւղերու անմիջական հարեւանութեամբ, ինչ որ լրջօրէն կը վտանգէ բնակիչներու կեանքի իրաւունքն ու անոնց ֆիզիքական անվտանգութիւնը։ Բնակիչներու իրաւունքներու տեսանկիւնէն սադրանքներ եւ անհանգստութիւն յառաջացուցած են Ատրպէյճանի զինուորականներու, ցուցանակներու եւ դրօշակներու գոյութիւնը Սիւնիքի համայնքներու միջեւ ճանապարհներուն վրայ։ Առկայ են նաեւ սեփականութեան իրաւունքի կոպիտ խախտումներ։

Նախագահ Արմէն Սարգսեան ընդգծեց, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ պաշտօնապէս սահմանագծում եւ սահմանազատում կատարուած չեն։ Սա կը նշանակէ, որ պետական սահմաններու յստակեցման գործընթացը իրաւական տեսանկիւնէն առնուազն այս պահուն անորոշ է։ Այս հանգամանքին վրայ կու գան աւելնալ նաեւ Սիւնիքէ ներս Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներու իրաւունքներու խախտումները կամ անոնց դէմ էական վտանգը։

Հինգշաբթի, Մարտ 18, 2021