ՄԱՀ՝ ՊԵԹԻ ԱՂԱՃԱՆԻ

Խոր ցա­ւով վե­րա­հա­սու ե­ղանք, թէ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու մէջ իր մահ­կա­նա­ցուն կնքած է ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի ըն­տա­նի­քի հա­րա­զատ­նե­րէն Պե­թի Գօ­չու­նեան-Ա­ղա­ճան։ Այս վեր­ջի­նը դուստրն էր թեր­թիս ան­մո­ռա­նա­լի ա­ւագ խմբա­գիր Մար­տի­րոս Գօ­չու­նեա­նի եւ թոռ­նու­հին՝ թեր­թիս հիմ­նա­դիր­նե­րէն Սար­գիս Գօ­չու­նեա­նի։ Նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ Մար­տի­րոս Գօ­չու­նեան կը հա­մա­րուէր նաեւ թեր­թիս հիմ­նա­դիր­նե­րէն Մի­սաք Գօ­չու­նեա­նի հո­գե­հա­տո­րը եւ իբր այդ կը կո­չուէր Քա­սի­մոր­դի, նո­րոգ հան­գու­ցեալ Պե­թի Ա­ղա­ճան կը հա­մա­րուէր նաեւ ա­նոր թոռ­նու­հին։

Պե­թի Ա­ղա­ճան ծնած է Պուլ­կա­րիոյ մէջ՝ որ­պէս ա­ռա­ջին դուստ­րը Մար­տի­րոս-Է­լիզ Գօ­չու­նեան ա­մո­լին։ Այդ տա­րի­նե­րուն Մար­տի­րոս Գօ­չու­նեան մի­ջոց մը ապ­րած էր Պուլ­կա­րիոյ մէջ, ուր ալ կնքած իր ա­մուս­նու­թիւ­նը։ Ա­ռա­ջին դուստ­րով մը բախ­տա­ւո­րուե­լէ կարճ ժա­մա­նակ անց Մար­տի­րոս-Է­լիզ Գօ­չու­նեան ա­մո­լը վե­րա­դար­ձած էր Իս­թան­պուլ։ Ուս­տի, Պե­թի Ա­ղա­ճան տա­կա­ւին շատ փոքր էր եւ իր ամ­բողջ ման­կու­թիւ­նը ան­ցու­ցած էր Իս­թան­պու­լի մէջ, Գօ­չու­նեան­նե­րու նա­հա­պե­տա­կան գեր­դաս­տա­նէն ներս։ Ե­րի­տա­սար­դու­թեան շրջա­նին Պե­թի Ա­ղա­ճան ու­սա­նած էր «Ֆլո­րանս Նայ­թին­կէլ» բոյժ-քոյ­րե­րու վար­ժա­րա­նին մէջ, իբր այդ նուի­րուած ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան բնա­գա­ւա­ռին։ Ա­ւե­լի վերջ ու­սա­նո­ղա­կան փո­խա­նակ­ման ծրագ­րի մը շրջագ­ծով մեկ­նած էր Նիւ Եորք։ Այդ փո­խա­նա­կու­մը ա­ռիթ հան­դի­սա­ցած էր մի­ջոց մը վերջ իր վերջ­նա­կա­նա­պէս ԱՄՆ հաս­տատ­ման, քա­նի որ ար­դէն ա­մուս­նա­ցած էր Յա­կոբ Ա­ղա­ճա­նի հետ։

Պե­թի եւ Յա­կոբ Ա­ղա­ճան ա­մո­լը Նիւ Եոր­քի հայ­կա­կան շրջա­նակ­նե­րու ծա­նօթ ե­ղած էր, մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րած՝ հայ կեան­քի զա­նա­զան ծրագ­րե­րուն։ Ա­նոնք բախ­տա­ւո­րուած էին նաեւ դուստ­րով մը՝ Մո­նա, որ ա­մուս­նա­ցած է Րաֆ­ֆի Խո­րո­զեա­նի հետ։ Այդ ա­մուս­նու­թե­նէն Պե­թի Ա­ղա­ճան ու­նե­ցած էր ե­րեք թոռ։ Իր ա­մուս­նոյն հետ ա­տեն-ա­տեն կ՚այ­ցե­լէր Իս­թան­պուլ՝ կապ պա­հե­լու հա­մար ըն­տա­նի­քին հետ։

Վեր­ջին տա­րի­նե­րուն ան կորսն­ցու­ցած էր իր ա­մուս­ի­նը՝ Յա­կոբ Ա­ղա­ճա­նը, ա­ւե­լի վերջ ալ, քիչ մըն ալ ան­ժա­մա­նակ՝ իր կրտսեր քոյ­րը՝ Ա­րաք­սի Գօ­չու­նեա­նը, ինչ որ զգա­ցա­կան ցնցում­ներ յա­ռա­ջա­ցու­ցած էր իր մօտ։

Պե­թի Ա­ղա­ճան յա­ռա­ջա­ցեալ տա­րի­քով վեր­ջին տա­րի­նե­րուն կը վա­յե­լէր իր դստեր՝ Մո­նա­յի, փե­սին՝ Րաֆ­ֆիի եւ թոռ­նիկ­նե­րուն խնամ­քը։

Շա­բա­թա­վեր­ջին դժբախ­տա­բար, իր ա­ռող­ջա­կան վի­ճա­կը ու­նե­ցաւ վե­րի­վայ­րում մը։ Հա­րա­զատ­նե­րը զին­քը ան­մի­ջա­պէս փո­խադ­րե­ցին հի­ւան­դա­նոց, սա­կայն մի­ջամ­տու­թիւն­նե­րը ան­բա­ւա­րար ե­ղան եւ ան աչ­քե­րը փա­կեց կեան­քին։

Նո­րոգ հան­գու­ցեալ Պե­թի Ա­ղա­ճա­նի յու­ղար­կա­ւո­րու­թիւ­նը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ յա­ռա­ջի­կայ Չո­րեք­շաբ­թի, Թե­նեֆ­լա­յի Ս. Թով­մաս Հա­յաս­տա­նեայց Ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ, Նիւ Ճըր­զի։

Այս տխուր առ­թիւ երկ­նա­յին հան­գիստ կը հայ­ցենք Պե­թի Ա­ղա­ճա­նի հոգ­ւոյն, խո­րա­պէս վշտակ­ցե­լով Րաֆ­ֆի-Մո­նա Խո­րո­զեա­ն ա­մո­լին, թոռ­նիկ­նե­րուն եւ իր բո­լոր պա­րա­գա­նե­րուն։ 

Երկուշաբթի, Ապրիլ 18, 2016