ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ԱՐՏԱԴՐՈՒԵՑԱՒ ՀԱՐԻՒՐ ՏՈԿՈՍՈՎ ՏԵՂԱԿԱՆ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ՇՆՉԱՌՈՒԹԵԱՆ ՍԱՐՔ

Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար երէկ տեղեկացուց, որ Թուրքիոյ մէջ արտադրուած է հարիւր տոկոսով տեղական արհեստական շնչառութեան սարք։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, արտադրութիւնը կատարուած է Մեքենաքիմիական արդիւնաբերութեան հաստատութեան (MKEK) կողմէ։

Հուլուսի Աքար յայտնեց, որ Ազգային պաշտպանութեան նախարարութիւնը հետամուտ է քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ ընել իրեն վիճակած առաւելագոյնը։ 

Շաբաթ, Ապրիլ 18, 2020