«ԿԸ ԽՕՍԻՆ ՆԱՄԱԿՆԵՐԸ»

Երեւանի մէջ վերջերս լոյս տեսաւ շահեկան գիրք մը, որ կը կոչուի «Կը խօսին նամակները»։ «Մուղնի» հրատարակչութեան կողմէ գրասէրներու տրամադրութեան տակ դրուած է այս գիրքը, որու հեղինակն է Ասատուր Կիւզելեան։ Յուշ-նամականիի մը բնոյթը ունի այս գիրքը, որ ձօնուած է սովետահայ գրողներու, արուեստագէտներու, գիտնականներու, կրթական մշակներու, հասարակական կամ մշակութային հաստատութիւններու ղեկավարներու։ Այս վերջիններուն եւ հեղինակին միջեւ տեղի ունեցած նամակագրութիւնները կը բովանդակէ գիրքը։ Հայաստանեան ուղղագրութեամբ գրի առնուած է անոնց բացարձակ մեծամասնութիւնը, ինչ որ հասկնալի է։ Դասական ուղղագրութեամբ գրուած նամակներուն բնագիրը պահպանուած է գիրքին մէջ։

Հրատարակիչները կ՚ընդգծեն, որ Ասատուր Կիւզելեանի այս գիրքը ինքնին արժէք մը կը համարուի եւ հրաշալի վաւերագրութիւն մը։ Արդարեւ, նամակագիրները թէ՛ համաշխարհային եւ թէ հայ իրականութեան մէջ ճանաչում գտած եւ հեղինակութիւն վայելած անհատներ են՝ գիտութեան, արուեստի եւ այլ ոլորտներէ ներս։ Հեղինակը՝ Ասատուր Կիւզելեան նամակագրական սերտ կապ ունեցած է անոնց հետ եւ այսքան ժամանակ անց անոնց գիրքի մը ձեւաչափին մէջ ընթերցողին մատուցուիլը՝ հաւաքական յիշողութեան երանգ մը կը վերագրէ Ասատուր Կիւզելեանի նամակագրութիւններուն։

Երեքշաբթի, Մայիս 18, 2021