ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ՉԻՆԱՍՏԱՆԻ ՄԻՋԵՒ ՆՈՐ ԿԱԶԱՄՈՒՂ ՄԸ ՊԻՏԻ ԿԱՌՈՒՑՈՒԻ

Ռուսաստան եւ Չինաստան կը ծրագրեն մօտաւոր ապագային կնքել պայմանագիր մը, որու հիման վրայ Մոնղոլիոյ տարածքով նոր կազատար մը պիտի կառուցուի։ Այսպէսով կը նախատեսուի Ռուսաստանէն դէպի Չինաստան բնական կազ մատակարարել։ Նոր խողովակաշարը պիտի կոչուի «Սիպիրիոյ ուժը 2»։

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Չինաստանի նախագահ Շի Ծինփինկի Փեքինի վերջին բանակցութիւններուն յաջորդած մթնոլորտին մէջ հրապարակուեցաւ այս մասին։ ԹԱՍՍ գործակալութեան հաղորդումներով, Ռուսաստանի փոխ-վարչապետ Ալեքսանտր Նովաք հեռատեսիլի կայանի մը տուած հարցազրոյցին մէջ ըսաւ.

«Կը նախատեսենք նաեւ յառաջիկային աւարտին հասցնել վերանայումը եւ պայմանագիր կնքել՝ 50 միլիառ խորանարդ մեթր տարողութեամբ կազատարի կառուցման համար՝ Մոնղոլիոյ տարածքով։ Կան նաեւ նոր նախագիծեր»։

Այս նոր խողովակաշարը Սիպիրիոյ արեւմուտքը հատելով, Մոնղոլիան տարանցելով պիտի անցնի Չինաստան։ Պիտի օգտագործուին Եամարի թերակղզիի բնական կազի պաշարները։

Շաբաթ, Մայիս 18, 2024