ԱՇԽՈՅԺ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ

Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան ե­րէկ Ե­րե­ւա­նի մէջ խորհր­դակ­ցու­թեան հրա­ւի­րեց՝ Հա­մա­հայ­կա­կան ա­մառ­նա­յին վե­ցե­րորդ խա­ղե­րու կազ­մա­կեր­պիչ կո­մի­տէի ան­դամ­նե­րը։ Քննար­կուե­ցան մինչ խա­ղե­րուն սկսի­լը ի­րա­կա­նա­ցուե­լիք աշ­խա­տանք­նե­րը եւ նա­խա­պատ­րաս­տա­կան ու կազ­մա­կերպ­չա­կան գոր­ծե­րուն ըն­թաց­քը։ Հարկ է նշել, որ Հա­մա­հայ­կա­կան խա­ղե­րը այս տա­րի պի­տի բա­ցուին Օ­գոս­տո­սի 2-ին։ Պի­տի շա­րու­նա­կուի­նի մին­չեւ Օ­գոս­տո­սի 13-ը։

Սերժ Սարգ­սեան ընդգ­ծեց Հա­մա­հայ­կա­կան խա­ղե­րը բարձր մա­կար­դա­կով ի­րա­կա­նաց­նե­լու կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը։

Խորհր­դակ­ցու­թեան ըն­թաց­քին տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցուե­ցան ծրագ­րին մէջ ընդգր­կուած մար­զա­ձե­ւե­րուն եւ ա­նոնց իւ­րա­քան­չիւ­րի պա­րա­գա­յին ցարդ ստա­ցուած դի­մում­նե­րուն շուրջ։

Հինգշաբթի, Յունիս 18, 2015