ՊԱՐԶԱՆԻԻ ԿՈՂՄԷ ԽՈՍՏՈՒՄ

Հիւ­սի­սա­յին Ի­րա­քի քրդա­կան ինք­նա­վա­րու­թեան ղե­կա­վար Մե­սուտ Պար­զա­նի յայ­տա­րա­րու­թիւն­ներ ը­րաւ ան­կախ Քիւր­տիս­տա­նի մը հռչակ­ման ժամ­կէտ­նե­րուն շուրջ։ Քրդա­կան լրա­տուա­մի­ջոց­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րուն հի­ման վրայ «Ար­մէնփ­րէս» գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը տե­ղե­կա­ցուց, թէ Պար­զա­նի յայտ­նած է, որ նոյն պաշ­տօ­նին վե­րընտ­րուե­լու պա­րա­գա­յին, յա­ռա­ջի­կայ եր­կու տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին Քիւր­տիս­տա­նը պի­տի հռչա­կէ ան­կախ պե­տու­թիւն։

Ի­րա­քեան Քիւր­տիս­տա­նին մէջ յա­ռա­ջի­կայ Օ­գոս­տո­սի 20-ին նա­խա­տե­սուած են ընտ­րու­թիւն­ներ։ Պար­զա­նի դար­ձեալ թեկ­նա­ծու ներ­կա­յա­ցած է ինք­նա­վա­րու­թեան ղե­կը ստանձ­նե­լու հա­մար։ Ան 2005-ին ժո­ղո­վուր­դին, իսկ 2009-ին ալ խորհր­դա­րա­նին կող­մէ ընտ­րուած էր ինք­նա­վա­րու­թեան ղե­կա­վար։ 2013-ին թէեւ լրա­ցած էր իր պաշ­տօ­նա­վար­ման ժամ­կէ­տը, սա­կայն խորհր­դա­րա­նը զայն եր­կա­րաձ­գած էր եր­կու տա­րիով։

Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Փոխ-նա­խա­գահ Ճօ Պայ­տըն վեր­ջերս Ո­ւա­շինկ­թը­նի մէջ Մե­սուտ Պար­զա­նիի հետ տե­սակ­ցե­լու ըն­թաց­քին նոյն­պէս ակ­նար­կած էր քրդա­կան պե­տու­թիւն մը ստեղ­ծե­լու ժամ­կէ­տին։ «Եր­կու­քիս կեանքն ալ պի­տի բա­ւէ Քիւր­տիս­տան պե­տու­թիւ­նը տես­նե­լու հա­մար», ը­սած էր Պայ­տըն։

Հինգշաբթի, Յունիս 18, 2015