ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՐՑԵՐՈՎ ԺՈՂՈՎ

Թուր­քիա մօ­տէն կը հե­տե­ւի Սու­րիոյ ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն, ո­րոնց շրջագ­ծով իր սահ­մա­նին վրայ կ՚ապ­րուին կա­րե­ւոր զար­գա­ցում­ներ։ Թուր­քիա-Սու­րիա սահ­մա­նի եր­կայն­քով այս շրջա­նին կը վե­րա­ձե­ւա­ւո­րուին հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւն­նե­րը, ո­րով­հե­տեւ սահ­մա­նի միւս կող­մը հա­կակ­շի­ռը ձեռք կ՚ան­ցը­նեն նոր ու­ժեր։

Այս կա­պակ­ցու­թեամբ ե­րէկ Ան­գա­րա­յի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ բարձր մա­կար­դա­կի խորհր­դակ­ցու­թիւն մը։ Նա­խա­գա­հա­կան պա­լա­տին մէջ օ­րա­կար­գի վրայ ե­կան Սու­րիոյ վեր­ջին զար­գա­ցում­նե­րը։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան ման­րա­մասն տե­ղե­կու­թիւն­ներ քա­ղեց վեր­ջին նո­րու­թիւն­նե­րուն շուրջ։

«Ա­նա­տո­լու» գոր­ծա­կա­լու­թեան հա­ղոր­դում­նե­րով, խորհր­դակ­ցու­թեան մաս­նա­կից­նե­րու շար­քին էին Փոխ-վար­չա­պետ Նու­ման Քուր­թուլ­մուշ, Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լու, Ներ­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Սե­պա­հատ­տին Էօզ­թիւրք եւ այլ բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նա­տար­ներ։ Ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին Էր­տո­ղա­նին բա­ցատ­րու­թիւն­ներ տրուած է նաեւ Սու­րիոյ վեր­ջին ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն զու­գա­հեռ յա­ռա­ջա­ցած քաո­սի պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ Թուր­քիա ա­պաս­տա­նած սու­րիա­ցի­նե­րուն մա­սին։

Հինգշաբթի, Յունիս 18, 2015