ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԼՈՒԾՈՒՄ

Յունաստան եւ Մակեդոնիա երէկ ստորագրեցին պատմական համաձայնագիր մը, որ եկաւ վերջ դնել այս երկու երկիրներու միջեւ անունի վերաբերեալ տարակարծութիւններու։ Այսպէսով 27 տարուան տագնապ մը ունեցաւ դրական լուծում։ Երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները փաստաթուղթը ստորագրեցին իրենց սահմանի Փրեսպա լիճի ափին գտնուող գիւղի մը մէջ։ Ստորագրման արարողութեան ընթացքին ելոյթներ ունեցան Յունաստանի վարչապետ Ալեքսիս Ցիփրաս եւ Մակեդոնիոյ վարչապետ Զորան Զաեւ։

Ըստ ստորագրուած փաստաթուղթին, Մակեդոնիա այլեւս պաշտօնապէս պիտի կոչուի «Հիւսիսային Մակեդոնիայի Հանրապետութիւն»։ Իսկ Յունաստան աստիճանաբար պիտի վերցնէ վեթոները՝ այդ երկրի ՆԱԹՕ-ի անդամակցութեան եւ ԵՄ-ի անդամակցութեան բանակցութիւններու սկիզբին դէմ։

Այս համաձայնագրի ստորագրման բերումով երէկ Աթէնքի մէջ տեղի ունեցաւ բողոքի ցոյց մը, որու ընթացքին ապրուեցան խռովութիւններ։

Երկուշաբթի, Յունիս 18, 2018