ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ՄԷՋ ԴԻՄԱԿ ԿՐԵԼԸ ՊԱՐՏԱԴԻՐ
Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ իշխանութիւններու տնօրինութեամբ նոր կարգադրութիւններ կը կատարուին երկրէն ներս։ Այսպէս, Առողջապահութեան նախարարութեան ենթակայ Գիտական խորհուրդը երէկ գումարեց ժողով մը՝ նախարար Ֆահրետտին Քոճայի գլխաւորութեամբ։ Խորհրդակցութիւններու լոյսին տակ որոշուեցաւ Իսթանպուլի, Անգարայի եւ Պուրսայի մէջ դիմակ կրելը պարտադիր դարձնել բոլոր քաղաքացիներուն համար։ Համապատասխան յայտարարութիւնները արդէն կուսակալութիւններուն կողմէ կատարուած են։
Միւս կողմէ, Առողջապահութեան նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց նաեւ համավարակի վերաբերեալ վիճակագրական վերջին տուեալները։ Այսպէս, Թուրքիոյ մէջ երէկ կատարուեցաւ 52 հազար 901 քննութիւն եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուեցաւ 1429 նոր վարակեալ։ Այս թիւը 1500-ի վտանգաւոր շեմին շատ մօտ ըլլալով կը շարունակէ մտահոգիչ բնոյթ կրել։
Երէկուան դրութեամբ եւս 19 հոգի զոհ գնաց համաճարակի եւ մահերու ընդհանուր թիւը բարձրացաւ 4 հազար 861-ի։ Նոյն ժամանակահատուածին 1261 հիւանդ առողջացաւ։
Նախարար Ֆահրետտին Քոճա յայտնեց, որ երէկուան նոր վարակեալներու թիւը նախընթաց օրուան բաղդատմամբ աւելի նուազ է 125-ով։ Յամենայնդէպս, առողջացած հիւանդներու թիւը առայժմ նոր վարակուածներէն աւելի նուազ կը մնայ։ Ուստի, նախարարը կոչ ուղղեց՝ նախազգուշական միջոցներով նուազեցնել թէ՛ դէպքերը եւ թէ ռիսքը։
ՏԱԳՆԱՊ
Միւս կողմէ, քորոնաժահրի համաճարակի մըթ-նոլորտին մէջ Թուրքիոյ եւ Գերմանիայի միջեւ ծագած է տագնապ մը։ Պերլինի իշխանութիւնները կը շարունակեն Գերմանիոյ քաղաքացիները զգուշացնել՝ Թուրքիա այցելելու դէմ։ Գերմանիա բարձր ռիսքով երկիրներու շարքին կը դասէ Թուրքիան։ Եթէ գերմանահպատակ մը Թուրքիա այցելէ, ապա երկիր վերադարձին պէտք է 14 օրուայ մեկուսացման ենթարկուի։ Անգարայի ղեկավարութիւնը այս որոշման դէմ ճնշում կը բանեցնէր վերջին օրերուն։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանն ալ հեռախօսազրոյց մը ունեցած էր Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլի հետ։ Այս բոլոր ջանքերով հանդերձ, գերմանական կողմը անփոփոխ պահած է իր որոշումը։ Գերմանիոյ մէջ գործող թրքական զբօսաշրջական գործակալութիւնները հակազդեցութիւն կը ցուցաբերեն այդ որոշման դէմ՝ զայն որակելով քաղաքական։ Իր կարգին, Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուն ալ գերմանական լրատուամիջոցներուն յայտարարած է այս կապակցութեամբ իր ապրած յուսախաբութիւնը։