ՀԵՐԻ ՓՈԹԸՐԻ ԽԱՆՈՒԹ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Նիւ Եորք նահանգին մէջ բացուեցաւ «Հերի Փոթըր»ի պաշտօնական խանութը։ Այսպէս, բրիտանական «Daily Mail» պարբերականը կը յայտնէ, թէ «Հերի Փոթըր»ի ֆիլմաշարի երկրպագուները կրնան այցելել Նիւ Եորքի կեդրոնին գտնուող «Հերի Փոթըր»ի պաշտօնական խանութը։

«Հերի Փոթըր Նիւ Եորք» խանութը մանկահասակ հրաշագործի երկրպագուները կը հրաւիրէ «Կախարդներու աշխարհը» նորովի բացայայտելու:

Երեք յարկանի խանութը մէկ յարկի տակ հաւաքած է «Հերի Փոթըր»ի եւ «Ֆանթասթիք գազաններու» վերաբերեալ արտադրանքի ամենամեծ հաւաքածոն: «Հերի Փոթըր Նիւ Եորք»ի մէջ կը ներկայացուի 15 տարբեր իրեղէններ։

Բաց աստի, այցելուները խանութին մէջ կը գտնեն «կախարդուած բանալիներ», որոնք կը բացայայտեն շարժանկարի պատրաստման ընթացքին տեղի ունեցած բացառիկ փաստեր եւ տեսանիւթեր։

Ինչ կը վերաբերի գնումներուն, ապա խանութը կ՚առաջարկէ հսկայական քանակութեամբ եզակի ապրանքներ։

Բացի հիմնական հաւաքածոյէն, երկրպագուները կրնան ընտրութիւն կատարել շարք մը ընկերութիւններու իրերու միջեւ, ներառեալ «Spirit Jerseys», «Loungefly» պայուսակները, ինչպէս նաեւ «Pottery Barn Teen» ապրանքանիշի իրերը:

Ուրբաթ, Յունիս 18, 2021