ՄԱՀ՝ ԱՐԲՈՒՆ ՍԷՄԷՐՃԵԱՆԻ
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ այս առաւօտ անակնկալօրէն իր մահկանացուն կնքած է «Ճելիլ» կազմակերպիչ հաստատութեան սեփականատէր Արբուն Սէմէրճեան, որ մեր համայնքէն ներս համակրանք ու յարգանքի արժանացած անձնաւորութիւն մըն էր։ Բօթը իսկապէս մեծ ցաւ յառաջացուցած է։
Արբուն Սէմէրճեան թրքահայ իրականութենէն ներս խորհրդանշական անձնաւորութիւն մըն էր։ Տասնամեակներէ ի վեր ուրախ կամ տխուր առիթներով մեր համայնքի բազում ընտանիքներուն հետ կը գործակցէր։ Ան մեծ նախանձախնդրութեամբ կը կազմակերպէր հարսանիքի կամ մկրտութիւններու խորհրդակատարութիւնները եւ յուղարկաւորութեան արարողութիւնները։ «Ճելիլ»ը ժառանգած էր իր հօրմէն՝ հոգելոյս Բագարատ Սէմէրճեանէն, որ եւս տասնամեակներ շարունակ այդ գործը ըրած էր ու ժառանգած՝ իր որդւոյն։ Նորոգ հանգուցեալ Արբուն Սէմէրճեան՝ որպէս հօրը աւանդին հաւատարիմ որդի շարունակած էր այդ գործը՝ իր հաղորդական նկարագրով, բոլորի նկատմամբ ազնիւ ու յարգալիր վերաբերմունքով։ Իր կորուստով, առանց չափազանցութեան, մեր համայնքի ընկերային ապրումներուն մէջ կը փակուի էջ մը, ինչ որ իսկապէս տխուր է, որովհետեւ Արբուն Սէմէրճեան մեր աւանդութիւններուն հաղորդ կազմակերպիչ մըն էր եւ ձեռնհասօրէն կը կատարէր իրեն վստահուած պարտականութիւնները։
Վերջին տարիներուն Արբուն Սէմէրճեանի առողջութիւնը թէեւ որոշ վերիվայրումներ արձանագրած էր, սակայն, ընդհանուր կացութիւնը բաւարար էր, ի վիճակի էր աշխատելու ու մինչեւ վերջին պահը չունէր այնպիսի բարդութիւն մը, որ պիտի կաղացնէր իր առօրեան։ Յամենայնդէպս, դառն իրողութիւնը այն է, որ նախախնամութեան տնօրինութեամբ ան այս առաւօտ Գնալը կղզիի բնակարանին մէջ աչքերը փակեց կեանքին։
Այս տխուր առթիւ երկնային հանգիստ կը հայցենք Արբուն Սէմէրճեանի հոգւոյն, խորազգած վշտակցութիւններ կը յայտնենք այրիին՝ Վարդուհի Սէմէրճեանին, քրոջ՝ Նատիա Իսքէնտէրօղլուին (Մարսէյլ) եւ համայն ընտանեկան պարագաներուն ու սիրելիներուն։