ՓՆՏՌԵԼՈՎ ԱՅԼԸՆՏՐԱՆՔ

Նախընտրական պայքարը այսօր կ՚աւարտի եւ ես կ՚ուզեմ բաժնել իմ զուտ անձնական տպաւորութիւնները՝ ինչպէս միշտ, չյաւակնելով ոեւէ մէկուն ուղղութիւն կամ դաս տալու։

Նախ՝ ինձ կը թուի, թէ քարոզարշաւի գայթակղեցուցիչ բնոյթը մեծ մասամբ պայմանաւորուած է այն հանգամանքով, որ  ընտրութիւններու նշանակման հարցին մէջ ցուցաբերուած է աւելորդ շտապողականութիւն, ինչպէս նաեւ ուրիշ հանգամանքով մը, որ այս ամիսներու ընթացքին պետութեան ղեկը մնաց Փաշինեանի ձեռքին։ Պարզ է, որ այս երկու հանգամանքները իշխանութեան համար վերարտադրուելու հնարաւորութիւն կը ստեղծեն, իսկ փողոցի շարժումներ իրականացնող ընդդիմութիւնը չկարողացաւ, բաւականաչափ պաշար չունենալով՝ այլ բեմագրութիւն մը պարտադրել։ Այս պայմաններուն ներքեւ, իշխանութեան տէր եւ գործը խայտառակ ձեւով տապալած ամբոխավարը, որ կորսնցուցած է 2018 թուականի իր «որակեալ» ընտրազանգուածը, բայց կը շարունակէ վայելել «շինելու» եւ «կզցնելու» բազմահազար կողմնակիցներու աջակցութիւնը, չի կրնար աշխատիլ այլ կերպ՝ քան այդ ընտրազանգուածը հաւաքագրելով եւ գրգռելով։ (Գումարած, ի հարկէ, վարչական պաշարը եւ «ձեռքի տակ ունեցած» մեծահարուստներու հնարաւորութիւնները)։

Նոյն պայմաններուն ներքեւ իր գլխաւոր մրցակիցը կրնայ ըլլալ միայն երկրորդ նախագահը, որ թաղուած է բազմաթիւ մեղքերու մէջ, բայց ունի հսկայական նիւթական եւ կազմակերպչական միջոցներ։ Ան իր կոշտ հռետորաբանութիւնով կը գրաւէ բազմաշերտ լսարան մը՝ սկսեալ անոնցմէ, որոնք կ՚ուզեն ռէօվանշի հասնիլ 2018-ի քաղաքական պարտութեան համար, վերջացած անոնցմով, որոնք կը հասկնան, թէ Փաշինեանէն ազատուելու միակ միջոցը Քոչարեանին սատարելն է։

Այս իրավիճակին մէջ ինծի բացարձակապէս չի տպաւորեր, թէ ով, որքան մարդ «բերման կ՚ենթարկէ» հանրահաւաքներու։ Պարզ է, որ հիմնական թեկնածուները զիրար կ՚ահաբեկեն «ժողովուրդով», «լայն զանգուածներով» եւ այդ զանգուածներու առջեւ արտասանուած սպառնալիքներով։ Ինձ համար քանակը որեւէ նշանակութիւն չունի. եթէ նոյնիսկ 2.5 միլիոն մարդ ձայն տայ Քոչարեանին կամ Փաշինեանին (ի դէպ, իրականութեան մէջ մենք այդքան ընտրող չունինք, ընտրացուցակները ակնյայտօրէն ուռճացուած են), ապա ես, միեւնոյն է, վստահ կ՚ըլլամ, թէ այդ 2.5 միլիոնը կը սխալի, մոլորութեան մէջ է։ Մերժելով այս երկու թեկնածուները՝ շատերը այլընտրանք կը փնտռեն։ Ես ալ՝ անոնց շարքին։ Բայց այս անգամ ես վառ արտայայտուած նախասիրութիւններ չունիմ։ Շատերը ճշգրտօրէն կը ներկայացնեն այսօրուայ դառն իրականութիւնը՝ սա ես ալ կրնամ ընել։ Բայց քաղաքական գործիչը, քաղաքական ուժը կը տարբերուի լրագրողէն, հրապարակագրէն, վերլուծաբանէն այն բանով, որ ան ունի ապագայի տեսլական, այնպիսի ծրագիր մը, որ մեզի՝ ընտրողներուս, իրատեսական, իրագործելի կը թուի։ Եթէ ամէն ինչ կորսուած է եւ ոչինչ հնարաւոր է ընել, ապա ի՞նչ իմաստ կայ մտնելու քաղաքական, նախընտրական պայքարի մէջ։ Այնպէս որ, այո՝ ես պիտի երթամ ընտրութիւններուն (չերթալը սխալ է) եւ պիտի ընտրեմ որեւէ կուսակցութիւն կամ դաշինք, բացի այս երկուքէն։ Որուն՝ դեռ չեմ որոշած։

ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Խմբագրական՝ Երեւանի «Առաւօտ» օրաթերթի

Ուրբաթ, Յունիս 18, 2021