ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ ԵՒ ՓՈՒԹԻՆ ԱՅՍ ԱՌԱՒՕՏ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՆ ՍԵՆ ՓԵԹԵՐՍՊՈՒՐԿԻ ՄԷՋ
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան այս առաւօտ Սեն Փեթերսպուրկի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Երկու նախագահները Սեն Փեթերսպուրկի մէջ կը գտնուին՝ համաժողովի մը մասնակցելու համար։ Խաչատուրեան Փութինի հետ զրուցելու ընթացքին յայտնեց, որ հայ ժողովուրդը կը գնահատէ անոր ջանքերը՝ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման ուղղեալ։ Ըստ իրեն, հայկական կողմին համար շատ կարեւոր է յետպատերազմեան շրջանին ձեռք բերուած համաձայնութիւններու պահպանուիլը։
Իր կարգին, Փութինն ալ նշեց, որ երկու երկիրները միայն գործընկերներ չեն, նաեւ ռազմավարական դաշնակիցներ։ «Մենք կը հասկնանք այն ամէն ինչը, որ այսօր կը կատարուի Հայաստանի մէջ եւ Հայաստանի շուրջ։ Մենք վճռական ենք զարգացնելու մեր գործընկերային յարաբերութիւնները։ Մենք շահագրգռուած ենք, որ երկրէն ներս իրավիճակը ըլլայ կայուն եւ երաշխաւորէ զարգացում», ըսաւ Փութին։