ԵՐԵՒԱՆԻ «ՄԽԻԹԱՐ ՀԵՐԱՑԻ» ՊԵՏԱԿԱՆ ԲԺՇԿԱԿԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐԸ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՈՎ ՄԸ ՍՏԱՑԱՆ ԻՐԵՆՑ ՎԿԱՅԱԿԱՆՆԵՐԸ

Ե­րե­ւա­նի «Մխի­թար Հե­րա­ցի» պե­տա­կան բժշկա­կան հա­մալ­սա­րա­նի 2015-2016 ու­սում­նա­կան շրջա­նի ըն­թա­ցա­ւարտ­նե­րը նա­խըն­թաց օր հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւ­նով մը ստա­ցան ի­րենց վկա­յա­կան­նե­րը։ Օ­փե­րա­յի հա­մա­լի­րէն ներս տե­ղի ու­նե­ցաւ շրջա­նա­ւար­տու­թեան հան­դէ­սը, ո­րու ըն­թաց­քին ե­րի­տա­սարդ բժիշկ­նե­րը կա­տա­րե­ցին նաեւ ի­րենց եր­դու­մը։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, բժշկա­կան հա­մալ­սա­րա­նը այս տա­րի ու­նի 700 շրջա­նա­ւարտ։ Ձեռ­նար­կի ըն­թաց­քին գոր­ծադ­րուե­ցաւ նաեւ մշա­կու­թա­յին յայ­տա­գիր։

Հա­ւա­քոյ­թի ըն­թաց­քին շնոր­հա­ւո­րու­թեան խօս­քով մը հան­դէս ե­կաւ Բժշկա­կան հա­մալ­սա­րա­նի վե­րա­տե­սուչ Մի­քա­յէլ Նա­րի­մա­նեան, որ յանձ­նեց գե­րա­զանց վկա­յա­կան­նե­րը։ Ներ­կայ էր նաեւ Հա­յաս­տա­նի Կրթու­թեան ու գի­տու­թեան նա­խա­րար Լե­ւոն Մկրտչեան, որ իր խօս­քին մէջ ընդգ­ծեց, թէ ներ­կա­յիս այս հա­մալ­սա­րա­նը ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան ո­լոր­տէն ներս ու­նի կա­րե­ւոր դե­րա­կա­տա­րու­թիւն եւ այս ուղ­ղու­թեամբ վկա­յու­թիւն մը կը հա­մա­րուի ա­նոր բարձր հե­ղի­նա­կու­թիւ­նը։ 

Երկուշաբթի, Յուլիս 18, 2016