ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ԵՐԷԿ ԲԱՑՈՒԵՑԱՒ ԱՐԱՄ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆԻ ԱՐՁԱՆԸ

Երէկ, Երեւանի մէջ հանդիսաւոր արարողութիւնով մը բացուեցաւ Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան հիմնադիրներէն Արամ Մանուկեանի արձանը։ Բացման հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ գտնուեցան Հայաստանի պետական աւագանիի ներկայացուցիչները՝ Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի գլխաւորութեամբ, ինչպէս նաեւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան բարձրաստիճան պատասխանատուները եւ այլ հիւրեր։ Այս արձանին բացումը կը զուգադիպի Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակի յոբելենական շրջանին, ինչ որ կը նշուի այս տարի։ Արձանի հեղինակն է քանդակագործ Դաւիթ Մինասեան։ Այս ծրագիրը կեանքի կոչուած է Աշոտ Թունեանի եւ Գաբրիէլ Չեմպերճեանի բարերարութեամբ։

Երէկուան բացման հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին ելոյթներով հանդէս եկան Վեհափառ Հայրապետը, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան պատասխանատուներէն Կիրօ Մանոյեան եւ այլք։

Լուսանկարին մէջ պատուոյ հիւրերը կ՚երեւին բացման արարողութեան ընթացքին։

Հարկ է նշել, որ Արամ Մանուկեանի արձանը զետեղուած է Հանրապետութեան հրապարակի մեթրոյի կանգառի ճիշդ ելքին՝ Նալպանտեան փողոցի կողմէն։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 18, 2018