ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԵՒ ԼԵՒՈՆ ՏԷՐ- ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ ՔՆՆԱՐԿԵՑԻՆ ԱՐՑԱԽԻ ՀԻՄՆԱԽՆԴՐԻ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ ՀԱՐՑԵՐ

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան երէկ հանդիպում մը ունեցան Երեւանի մէջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, կառավարութեան առանձնատան մէջ տեղի ունեցաւ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի հանդիպումը։ «Առաջին նախագահը իր տեսակէտները յայտնեց Հայաստանի առջեւ ծառացած շարք մը մարտահրաւէրներու յաղթահարման ուղիներուն վերաբերեալ։ Քննարկուեցան արտաքին քաղաքականութեան, Արցախի հիմնախնդրին վերաբերեալ հարցեր։ Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի նախաձեռնութեամբ», նշուած է Հայաստանի կառավարութեան աղբիւրներուն կողմէ փոխանցուած մանրամասնութիւններուն մէջ։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 18, 2018