ՓԱՇԻՆԵԱՆ. «ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ ՉԻ ԿՐՆԱՐ ՄԻԱԿՈՂՄԱՆԻ ԶԻՋՈՒՄՆԵՐՈՒ ՍՏԻՊԵԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ»

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի վրայ տեղի ունեցած վերջին բախումներուն լոյսին տակ ստեղծուած մտահոգութիւնները կը շարունակուին։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Շուշան Ստեփանեան այս առաւօտեան կանուխ ժամերուն հանդէս եկաւ հակիրճ յայտարարութիւնով մը։ Ան տեղեկացուց, որ գիշերուընէ մինչեւ առաւօտ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ պահպանուած է յարաբերական անդորրը։ Ատրպէյճանի զօրքերը միայն հրացաններով ոչ-նպատակային կրակ բացած են սահմանամերձ Մովսէս, Զանգակատուն, Խնձորոտ գիւղերու շրջանին տեղակայուած հայկական դիրքերու վրայ։ Գիշերուան այս կացութենէն բացի, երէկ ալ օրուան տեւողութեան Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ կացութիւնը ընդհանրապէս հանգիստ էր։ Տաւուշի մարզի Իջեւան քաղաքէն ներս, Համահայկական միասնական լրատուական կեդրոնի երդիքին տակ, երէկ երեկոյեան ժամերուն Արծրուն Յովհաննիսեան հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով։ Ան տեղեկացուց, որ օրուան տեւողութեան կացութիւնը յարաբերաբար հանգիստ եղած էր եւ գործնական իրավիճակը վերահսկելի։ Արծրուն Յովհաննիսեան, որ այդ կեդրոնի պաշտօնական ներկայացուցիչն է, երէկ երեկոյեան ժամերուն յայտնեց, որ Հայկական զինեալ ուժերը կը հետեւին Ատրպէյճանի բանակի բոլոր շարժերուն եւ եթէ որեւէ սադրանք պատահի, ապա համապատասխան հակահարուած կը տրուի։ Ան միեւնոյն ժամանակ ընդգծեց, որ նախընթաց գիշերուան տեւողութեան Ատրպէյճանի կողմէ հրացաններով բացուած կրակը սահմանափակ չէ եղած միայն Տաւուշի մարզով, այլեւ՝ Հայաստանի Գեղարքունիքի մարզի սահմանամերձ հատուածներէն ալ բացուած է կրակ։ Մինչ երկրի արեւելեան սահմաններու ուղղութեամբ կացութիւնը այսպէս եղած է, արեւմտեան սահմաններուն վրայ ալ դէպի Հայաստան դարձեալ հրացաններով Ատրպէյճանի զօրքերը կրակ բացած են Նախիջեւանի կողմէ։ Յամենայնդէպս, նախորդ օրերու բախումներէն վերջ, ներկայիս ստեղծուած իրավիճակը անբաղդատելիօրէն հանդարտ է։

Այս մթնոլորտին մէջ հայկական կողմը կը շարունակէ դիւանագիտական ջանքերը կայունութեան եւ անվտանգութեան վերամրապնդման նպատակով։ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ Մինսքի մէջ մասնակցութիւն բերաւ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան անդամ երկիրներու վարչապետներու խորհուրդի ժողովին։ Եւրոասիոյ տնտեսական խորհուրդի նիստին մասնակցելու առընթեր, Նիկոլ Փաշինեան Մինսքի մէջ առանձին հանդիպումներ ունեցաւ Սպիտակ Ռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքոյի եւ Ռուսաստանի վարչապետ Միխայիլ Միշուստինի հետ։ Այս երկու հանդիպումներուն ընթացքին ալ անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի վերջին բախումներուն։ Միխայիլ Միշուստինի հետ զրուցելու ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան յայտնեց, որ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի դէպքերը երրորդ կողմի հրահրումով տեղի կ՚ունենան։ Ան համոզուած է, թէ պէտք է լաւ հասկնալ՝ ո՛վ եւ ինչո՛ւ շահագրգռուած է տարածքաշրջանէ ներս լարուածութեան աճով։ Երէկուան հանդիպումը վերջին օրերու բախումներու մթնոլորտին մէջ Հայաստանի եւ Ռուսաստանի միջեւ տեղի ունեցած ամենաբարձր մակարդակի քննարկումը հանդիսացաւ։

Մինսքի մէջ տեղի ունեցած ժողովի ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան հանդէս եկաւ ելոյթով մը, որու ընթացքին եւս անդրադարձաւ վերջին դէպքերուն։ Այսպէս, Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճան չի կրնար Հայաստանը ստիպել չհիմնաւորուած եւ միակողմանի զիջումներ ընելու Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցին մէջ։ Իր խօսքով՝ հակամարտութիւնը չունի ռազմական լուծում եւ խաղաղ կարգաւորման բանակցութիւնները անայլընտրանք են։ Սա կը համապատասխանէ տարածքաշրջանի բոլոր ժողովուրդներու շահերուն։

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի վերջին բախումներով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ միջազգային դերակատարներն ալ կը շարունակեն ուշադրութիւն ցուցաբերել։ Ռուսաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի մշտական անդամները երէկ ժողով մը գումարեցին նախագահ Վլատիմիր Փութինի գլխաւորութեամբ։ Կը հաղորդուի, որ այս ժողովի ընթացքին օրակարգի վրայ եկած է Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի կացութիւնը եւ քննարկուած են վերջին օրերու դէպքերը։ Քրեմլինի բանբերը՝ Տիմիթրի Փեսքով Փութինի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցած այս ժողովէն վերջ յայտարարեց, որ Մոսկուա պատրաստ է միջնորդութիւն իրականացնելու Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի վրայ ստեղծուած լարուածութեան թուլացման նպատակով։

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովն ալ երէկ շարունակեց այս նիւթին շուրջ ջանքեր գործադրել։ Լաւրով հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի նորանշանակ արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Բաց աստի, Լաւրով Մոսկուայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսաստանի Հայերու միութեան նախագահ Արա Աբրահամեանի հետ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Լաւրով տեսակցութեան ընթացքին ընդգծեց, որ Ռուսաստան հետամուտ է տարածքաշրջանէ ներս խաղաղութեան եւ կայունութեան, ուստի շարք մը քայլերու կը ձեռնարկէ իրավիճակի կայունացման եւ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի բախումներու դադրեցման նպատակով։ 

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Անտրէյ Ուտենքոն ալ երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի գծով Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարի հետ։ Այս առթիւ կողմերը ընդգծեցին հրադադարի պահպանման կարեւորութիւնը։

Ի լրումն այս բոլորին, ԵԱՀԿ-ի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մշտական ներկայացուցիչ դեսպան Ճէյմս Կիլմորն ալ անդրադարձաւ ստեղծուած կացութեան։ ԵԱՀԿ-ի Մշտական խորհուրդի ժողովի ընթացքին Ճէյմս Կիլմոր ընդգծեց, որ Մինսքեան խմբակի միջնորդները կը շարունակեն աշխուժօրէն զբաղիլ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրով։

ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՔԱՅԼԵՐԸ

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի բախումներով ստեղծուած իրավիճակին մէջ Թուրքիան ալ կը շարունակէ իրադարձութիւններուն հետեւիլ անմիջականօրէն։ Երէկ Անգարայի մէջ այս կապակցութեամբ տեղի ունեցաւ կարեւոր ժողով մը՝ Ազգային պաշտպանութեան նախարարութենէն ներս։ Կը հաղորդուի, որ Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար ժողով մը գումարեց Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան փոխ-նախարար Ռամիզ Թահիրովի եւ Նախիջեւանի զօրքերու հրամանատար Քերիմ Մուսթաֆաեւի հետ։ Հանդիպման ընթացքին արժեւորուեցան տարածքաշրջանի վերջին իրադարձութիւնները։

Իր կարգին, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանն ալ երէկ հերթական անգամ յայտարարութիւններ ըրաւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն շուրջ։ Նախագահը ընդգծեց, որ Թուրքիա բացարձակապէս առանձին պիտի չթողու Ատրպէյճանը։ Ան բռնագրաւիչ որակեց Հայաստանը եւ ընդգծեց, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակը չէ կրցած լուծել կամ չէ լուծած հակամարտութիւնը, ուստի արդէն կանխատեսելի է դէպքերու այս վիճակին հասնիլը։ Էրտողան մասնաւորապէս ընդգծեց, որ Հայաստան կը թիրախաւորէ քաղաքային բնակչութիւնը, մինչ Ատրպէյճան անհրաժեշտ պատասխանները կու տայ։ Ան շեշտեց, որ ինչպէս միշտ, Թուրքիա Ատրպէյճանի կողքին դիրք կը գրաւէ։

Շաբաթ, Յուլիս 18, 2020