926 ՆՈՐ ՎԱՐԱԿԵԱԼ

Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա երէկ երեկոյեան ընկերային ցանցերու միջոցաւ հրապարակեց Թուրքիոյ վերաբերեալ վիճակագրական վերջին տուեալները՝ քորոնժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ։ Այսպէս, երէկ Թուրքիոյ մէջ 41 հազար 215 քննութիւն կատարուեցաւ եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուեցաւ 926 նոր վարակեալ։ Նոյն ժամանակահատուածին եւս 18 հոգի զոհ գնաց համաճարակի, իսկ առողջացած հիւանդներու թիւը եղաւ 1014։

Ներկայ դրութեամբ Թուրքիոյ մէջ խտացեալ խնամքի տակ կը գտնուի 1226 հիւանդ։ Արհեստական շնչառութեան սարքերու ենթակայ վարակեալներու թիւն է 402։

Շաբաթ, Յուլիս 18, 2020