ԲԱՐՁՐԱՍՏԻՃԱՆ ԴԻՒԱՆԱԳԷՏ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութեան կրօնի գործերու խորհրդական դեսպան Ժան-Քրիստոֆ Փոսելը, որուն ընկերացաւ Իսթանպուլի մօտ Ֆրանսայի աւագ հիւպատոսին տեղակալը։
Ֆրանսացի բարձրաստիճան դիւանագէտը Թուրքիա այցելութեան շրջանակներուն մէջ փափաքած էր ծանօթանալ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հետ՝ մանաւանդ պատկերացում մը կազմելու համար Պատրիարքական Աթոռին մասին։ Զրոյցի ընթացքին Նորին Ամենապատուութիւնը անդրադարձաւ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի պատմութեան եւ առաքելութեան՝ շեշտելով անոր տեղն ու դիրքը Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ ընդհանուրին մէջ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը խօսեցաւ նաեւ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի զանազան երեսակներուն շուրջ։ Ան բացատրեց, թէ Պոլսոյ Պատրիարքութիւնը Հայ Եկեղեցւոյ կարեւոր նուիրապետական կեդրոններէն մին է եւ իր հոգեւոր իշխանութեան սահմաններէն ներս կը ջանայ յագեցնել իր հետեւորդներու կրօնական, բարոյական ու մշակութային պահանջները։
Զրոյցի վերջաւորութեան կողմերը գոհունակութիւն յայտնեցին այս ծանօթացման հնարաւորութեան համար ու փոխանակեցին բարեմաղթութիւններ։