«ԳԵՂԱՐԴ» ՊԱՐԱԽՈՒՄԲԸ ՌՈՒՄԱՆԻՈՅ ՄԷՋ

Ռումանիոյ Արճեշ նահանգին մէջ սկսաւ «Կարպատներ» միջազգային ազգագրական 34-րդ փառատօնը, որու բացումը տեղի ունեցած է նահանգի Փիթեշթ կեդրոնին մէջ, ապա շարունակուած՝ նահանգի այլ քաղաքներէն ու բնակավայրերէն ներս:

«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, միջազգային փառատօնին Հայաստանը ներկայացուցած է ժողովրդական պարի «Գեղարդ» պարախումբը՝ գեղարուեստական ղեկավար, վաստակաւոր դերասան Ալպերթ Կիզիրեանի գլխաւորութեամբ, որ առանձնացաւ իր պարային բարձրարուեստ կատարումներով, հմուտ գործիքային ուղեկցութեամբ եւ ազգային տարազներու գունագեղ բազմազանութեամբ: Երկշաբաթեայ միջազգային փառատօնի շրջանակներէն ներս հայկական պարախումբը բազմաթիւ ելոյթներ պիտի ունենայ։

Փառատօնի բացման ներկայ էր Ռումանիոյ մօտ Հայաստանի դեսպանութենէն Աշոտ Գրիգորեան, որ հան-դիպումներ ունեցաւ Արճեշի Նահանգային խորհուրդի նախագահ Կոնստանդին Տան Մանուի եւ Փիթեշթի քաղաքապետ Կոնստանդին Կորնել Իոնիքայի հետ։ Անոնք քննարկեեցին ապակենդոնացուած համագործակցութեան շրջանակներէ ներս նահանգային մակարդակով եւ Կիւմրի ու Փիթեշթ քաղաքներու միջեւ հաստատուած համագործակցային յարաբերութիւններու ամրապնդման, փոխայցելութիւններու աշխուժացման հնարաւորութիւնները:

Փառատօնը տեղի կ՚ունենայ «Արճեշի եւ Մուշչելի տօնախմբութիւններ» 11-րդ մշակութային միջոցառումներու շրջանակներէն ներս: Ռումենական խումբերու կողքին այս տարի փառատօնին հրաւիրուած են մասնակցելու պարախումբեր Հայաստանէն, Պրազիլէն, Չինաստանէն, Իրլանտայէն, Իտալիայէն, Հարաւային Քորէայէն, Մեքսիքայէն, Լեհաստանէն, Մոլտովայէն, Թուրքիայէն եւ Պուլկարիայէն:

Ուրբաթ, Օգոստոս 18, 2017