Շաբաթ 25, Յունուար 2025
ՎԱՐՉԱՊԵՏՆԵՐՈՒ ԱՐԺԵՒՈՐՈՒՄ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի վարչապետ Միխայիլ Միշուսթինի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, վարչապետները քննարկեցին տնտեսական համագործակցութեան վերաբերեալ հարցեր։ Անոնք մասնաւորապէս կանգ առին առեւտրատնտեսական համագործակցութեան եւ զանազան բնագաւառներէ ներս մշակուած համատեղ նախագիծերու իրականացման առանցքային հարցերուն վրայ։
Փաշինեան եւ Միշուսթին շօշափեցին նաեւ Եւրոասիրոյ տնտեսական միութեան շրջանակներէն ներս համագործակցութեան ընդլայնման առաջնահերթ խնդիրները։ Վարչապետները անդրադարձան նաեւ այդ միութեան՝ յաջորդ շաբաթ նախատեսուած միջկառավարական խորհուրդի ժողովի նախապատրաստական աշխատանքներուն։
Հինգշաբթի, Օգոստոս 18, 2022