ԱՄՆ-Ի ՄԷՋ «ՖԼՈՐԵՆՍ» ՓՈԹՈՐԻԿԸ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Հարաւային եւ Հիւսիսային Քարոլայնայի նահանգներուն մէջ «Ֆլորենս» փոթորիկի զոհերու թիւը հատած է տասնհինգի սահմանը: «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, նախապէս հաղորդուած էր 11 զոհերու մասին։ Հիւսիսային Քարոլայնայի իշխանութիւնները վախու մէջ են, որ յառաջիկայ օրերուն նահանգին մէջ կրնայ տեղի ունենալ ամենաընդգրկուն հեղեղումը՝ անոր ամբողջ պատմութեան ընթացքին: Գետերուն ջուրի մակարդակը կը շարունակէ բարձրանալ յորդառատ անձրեւներու պատճառով, որոնք իրենց հետ կը բերեն փոթորիկը:

Ինչպէս յայտնած է Միացեալ Նահանգներու փոթորիկներու դիտարկման ազգային կեդրոնը, «Ֆլորենս» փոթորիկը հասած է մինչեւ արեւադարձային սիքլոնի մակարդակը: Մթնոլորտային երեւոյթի էփիկեդրոնին քամիի արագութիւնը կը կազմէ մէկ վայրկեանին մօտաւորապէս 15.7 մեթր:

«Ֆլորենս» փոթորկի էփիկեդրոնը յայտնուած է Հիւսիսային Քարոլայնայի Ռայթսվիլ Պիչ քաղաքին մէջ», ըսուած է կեդրոնի հաղորդագրութեան մէջ: Ըստ տեղեկատուութեան՝ քամիի պոռթկումներու առաւելագոյն արագութիւնը հասած է ժամական 150 քիլօմեթրի:

«Ֆլորենս» հասած է մինչեւ առաջին մակարդակը՝ ըստ Սաֆիր-Սիմփսընի հինգ մակարդակներէ բաղկացած սանդղակի: Մինչդեռ օդերեւութաբանները կը նշեն, որ ան տակաւին լուրջ վտանգ կը ներկայացնէ: Միւս կողմէ, նախատեսուած էր, որ տարերքի հիմնական հարուածը տեղի կ՚ունենայ Միացեալ Նահանգներու երեք նահանգներու՝ Հիւսիսային Քարոլայնայի, Հարաւային Քարոլայնայի եւ Վիրճինիոյ մէջ: Այս երեք նահանգներու իշխանութիւնները նախապէս արտակարգ դրութիւն յայտարարած էին։ Այսպէս, Հիւսիսային եւ Հարաւային Քարոլայնայի մէջ տեղացած են յորդառատ անձրեւներ, որոնք յանգեցուցած են հեղեղումներու: Տասնեակ հազարաւոր մարդիկ զրկուած են ելեկտրականութենէ: 

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 18, 2018